Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սրահին մէջ՝ ծնողքը, ազգականները, բարեկամները. հանդիսաւոր բան մըն է այս խօսք կապը, եւ մենք երկու երիտասարդ եկած ենք մինակուկնիս այս մեծ արարողութեան համար. ես՝ իմ բարեկամիս ազգականն եմ, եղբայրն եմ, ամեն ինչն եմ. անիկա իբրեւ նշանած չի կրնար խօսիլ, եւ ես անոր տեղը պիտի խօսիմ, շնորհաւորեմ, աւանդական բարեմաղթութիւնները պիտի բաշխեմ։

Անուշ կը հրամցնեն մեզի. Աննիկ դեռ չերեւցաւ. մտքովս կ՚երեւակայեմ որ վերջին վայրկեանին զիս տեսնելով իր նշանածին քովը, առջի սէրը պիտի վերարծարծի այնքա՜ն աւելի սաստկութեամբ որքան լուռ ու մունջ կեցեր էր մինչեւ հիմա. իմ դէմս ուրիշի մը խօսք տալու քաջութիւնը չպիտի ունենայ. կ՚երեւակայեմ անլուր գայթակղութիւնը, յաջորդ օրը տուներուն մէջ ըսուելիք խօսքերը, երբոր հիմա ներս մտնելով ուղղակի ինծի գայ, գիրկս նետուի ամենուն առջեւ ու պոռայ.

Ես քուկդ եմ միայն եւ ուրիշինը չեմ ըլլար։

Մտքովս կը շարունակեմ երազը. ծնողքը ահա որ կը միջամտէ. բռնի կը բաժնեն զայն, կը յափշտակեն թեւերուս մէջէն. մազերէն քաշելով, գետինները քսկռտելով կը տանին ոճրագործի մը պէս, ո՞վ գիտէ ո՛ր մութ սենեակին մէջ բանտարկելու համար։

Որչա՜փ կը զղջամ եկած ըլլալուս։

Աննիկ ներս մտաւ. այս ժամին հանդիսաւորութիւնը բնաւ չի շփոթեցներ զինքը. վախս կը փարատի տակաւ ու կ՚զմայլիմ իր անսեթեւեթ ձեւերուն վրայ. գլխու թեթեւ ու շնորհալի խոնարհութեամբ մը կը բարեւէ մեզ, օտարականներու, հիւրերու ուղղուած պաշտօնական բարեւ մը, ոչ շատ մտերիմ, ոչ շատ ցուրտ. իր անձին վրայ որչա՜փ մեծ իշխանութիւն ունեցող մէկն է այս աղջիկը. ոչ դող, ոչ յուզում կայ իր անուշ դէմքին վրայ. չի շիկնիր, չի շառագունիր։

Կ՚ապշիմ ու կը նեղանամ միանգամայն. կ՚սպասէի որ յանկարծակիի գար, կայծակէ զարնուածի պէս մնար զիս տեսնելուն, գոյնը նետէր ու ծունկերը կթոտէին քիչ մը, ամենքը նշանտուքին առաջ բերած ջղային տագնապի մը վերագրէին իր թալուկը եւ ես միայն ասոր բուն պատճառը գիտնայի։ Իր քաջառողջ անտարբերութիւնը զիս պզտիկ կը ձգէ։

Կէս ժամ վերջը խօսք կապի արարողութիւնը աւարտած է. աջին ձախին շնորհաւորութիւններ, բարեմաղթութիւններ կը թոթովեմ։

Նորէն անուշ, նորէն սուրճ կը հրամցնեն ու ամենքը կը մտերմանան, կատակներ, զուարճախօսութիւններ կ՚ըլլան։

Բարեկամս, որ ժամանակ կորսնցնող չէ, իր նշանածին քովն է. կը խօսի կը խնդայ. պատուհանին քովը անկիւն մը կեցած ինծի նայելով բաներ մը կ՚ըսեն իրարու. իմ վրաս կը խօսին. որքա՜ն հետաքրքիր եմ Աննիկին խօսքերը իմանալու. կրցա՞ւ ինքզինքը զսպել, ծածկել իր առջի սէրը. արդեօք Օննիկ բան մը գուշակե՞ց. ահա նշան կ՚ընէ որ մօտենամ իրենց. չուզելով կ՚երթամ քովերնին. ինչ ըսելիքս, ինչ ընելիքս չեմ գիտեր։

Աննի՛կ, կ՚ըսէ բարեկամս, քեզի կը ներկայացնեմ իմ խիստ, բայց խիստ մտերիմ ընկերս. դուք Պոլսեցի եք, հարկաւ իրար կը ճանչնաք քիչ մը, այնպէս չէ՞։

Այս հարցումին, Աննիկ աղէկ մը իմ կողմս դարձաւ. անանկ մը որ պատուհանէն եկող լոյսը զիս ողողէ. աչքերը պզտիկցուց քիչ մը, աւելի մեծ ջանք մը ընելով իր յիշողութիւնը ամփոփելու համար. արագ եւ ուշադիր նայուածքով մը ոտքէս գլուխս քննեց զիս. ես ալ կը հետեւէի հիմա իր նայուածքին բոլոր ճիգերուն. անկեղծ, բայց բոլորովին անկեղծ ջանք մը կ՚ընէր այդ նայուածքը զիս յիշելու համար ու չէր յաջողեր. այնքան որ ես իսկ հաւտալ կ՚սկսէի զինքը բնաւ տեսած չըլլալուս, վասն զի աննենգ ու անխարդախ բան մը կար այս աշխատութեան մէջ որով իր բոլոր կամքը կը դնէր զիս ճանչնալու համար, այն անկեղծ ու անխարդախ բանը զոր միշտ գտած էի ես այդ աչքերուն մէջ. եւ վերջապէս, եզրակացութեան մը յանգելով, բայց կ՚երեւայ չկրնալով բոլորովին հաստատ ու ապահով ըլլալ ըսածին, Աննիկ պատասխանեց բարեկամիս.

Կարծեմ թէ տեղ մը տեսած ըլլալու եմ էֆէնտին։