Այնպէս
ենթադրեց.
այս
քարուկիր,
մութ
ու
գէճ
խցիկը
հեծեծանքներ
լսեց,
արցունքներ
տեսաւ,
բայց
մինչեւ
վերջը
չտեսաւ
այդ
պատրուակին
տակ
պահուըտող
երեսը:
Բաժնուեցան,
խռոված
մարդոց
պէս
իրարմէ
դժգոհ:
Հետեւեալ
գիշերը,
երբ
Արշակ
իր
բարեկամուհիին
սրահէն
ներս
մտաւ
վարանեցաւ.
յանկարծ
տարակոյս
մը
ծնաւ
ու
մեծցաւ
իր
սրտին
մէջ.
հետախուզող
ակնարկը
իր
դիմացինին
աչքին
մէջէն
մինչեւ
սրտին
խորը
թափանցեց`
կարդալու
համար
հոն:
Արդեօ՞ք.
շփոթած`
կեցաւ
պահ
մը,
մինչդեռ
տան
տիկինը
իր
աթոռին
մէջ
ընկողմանած
կը
մնար
պարտասուն,
աչքերը
սեւեռած
միշտ
վառարանէն
ցայտող
բոցին,
որուն
նշոյլները
կերպասներուն
վրայ
կը
խաղային.
կրակը
ու
լոյսը
այդ
վառարանին
խորէն
կուգային
տաքցնել
ու
զբօսցնել
զինքը,
ու
փոյթ
չէր
ընէր
թէ
ուրկէ՞
էին
անոր
մէջ
խանձող,
տոչորող
փայտերը:
Արշակ
չհամարձակեցաւ
ուղղակի
հարցում
մը
ընել,
բայց
սովորական
պէզիկի
խաղին
ատեն,
մանիշակի
հոտ
մը
առաւ
ծանր,
խնկաբոյր,
առջի
գիշերուան
պէս
ու
չկրցաւ
ինքզինքը
զսպել:
Արդեօ՞ք:
—
Ի՞նչպէս
ատեն
անցուցիր
երէկ
գիշեր,
տիկի՛ն:
—
Միս
մինակ,
դուն
ալ
մոռցար
զիս:
—
Եթէ
գիտնայի՜ր...
պարահանդէսին
մէջ
մէկը
կար,
որ
ա՜յնքան
կը
նմանէր
քեզի:
—
Իրա՞վ:
—
Մինչեւ
վերջը
անոր
հետն
էի:
—
Զիս
կարծելով,
այնպէս
չէ՞,
բայց
երեսը
տեսար
անշուշտ:
—
Ո՛չ,
չկրցայ
տեսնել,
եւ
այս
վայրկեանիս
իսկ
կը
կարծեմ,
որ
դուն
էիր
թերեւս:
Տիկինը
խնդաց
սիրուն
քահքահով
մը:
Յետոյ.
—
Այսպէս
էք
դուք`
էրիկ
մարդիկ
ամենքդ
ալ,
ըսաւ,
դիմակի
կտոր
մը
եւ
ահա
սիրածնիդ
ու
չսիրածնիդ
զանազանելու
անկարող
կ՚ըլլաք.
դիմակ
մը
ու
անոր
մէջ
ամեն
դէմքերը
կը
տեսնէք.
բայց
կիները
այնպէս
չեն.
ամեն
ծպտումի
տակ
միշտ
կը
ճանչնան
իրենց
սիրած
անձը,
որովհետեւ
սիրտով
կը
սիրեն
անոնք,
մինչդեռ
դուք
աչքով
կը
սիրէք
միայն,
եւ
աչքը
խաբելէ
դիւրին
բան
չկայ:
Խոստովանութի՞ւն
մըն
էր
այս
թէ
հերքում
մը: