Տասը
յարկ
շէնքի
մը
բոլոր
բարձրութենէն
վար
իյնող
մէկը
այնչափ
տակնուվրայ
չպիտի
ըլլար
որչափ
Տէր
Աբրահամ
եղաւ
այս
որոշումը
իմանալուն:
Հռչակաւոր
աւազակը
եկեղեցւոյ
գրկին
մէջ
տեղաւորուա՜ծ,
դաշոյն
մը
մխուածի
պէս:
Չէր
բաւեր
կենդանութեանը
մարդոց
միշտ
տրամադրելի
յարգանքները
ու
պատիւները
գնելը
դրամով
եւ
այնքան
աւելի
անձկութեամբ
որքան
անարժան
էր
անոնց:
Մահուընէն
ետքն
ալ
այս
կողոպտուած
փառաբանութիւններուն
մշտնջենաւորումը
ու
նուիրագործումը
Աստուծմէ
ծախու
կ՚առնէր:
Երբոր
ազգականները
գացին,
քահանան
թաղականներուն
հետ
խօսելու
ատեն
գտաւ:
—
Կ՚աղաչեմ,
էֆէնտիներ,
այս
բանը
մի՛
ընէք,
մեր
Ս.
Եկեղեցին
մի՛
պղծէք:
Հեզ
ու
աղաչաւոր
ձայնով
կ՚ընէր
իր
խնդիրքը:
Իրեն
համար
եկեղեցին`
ո
եւ
է
շէնք
մը
չէր
քարով
ու
կիրով
շինուած.
եթէ
լեզու
բերան
չունէր,
հոգի
ու
սիրտ
մը
կը
կրէր
միշտ.
իր
ծոցը
նուիրական
էր
ու
մուտքը
հոն`
անոնց
միայն
վերապահուած,
որ
անոր
կսկիծները
ու
սուգերը
կ՚զգան:
Ի՞նչ
կը
փնտռէր
այս
ննջեցեալը
այդտեղ
եւ
ի՞նչ
կը
հասկնար
ատկէ.
ասկէ
աւելի
մեծ
լլկում
մը
իր
վճիտ
ու
նրբութեանց
անգիտակ
խղճմտանքին
առջեւ
չէր
կրնար
պատկերանալ:
—
Ի՞նչ
ծառայութիւն
ըրած
է
այս
մարդը
մեր
եկեղեցւոյն.
քիչ
մը
դրամ
առաջարկուած
է.
բայց
այս
դրամը
տուողը
անգամ
ինքը
չէ.
ժառանգորդներն
են,
որ
ստակ
մը
տալով
իրենց
ննջեցեալը
հոս
թաղել
կը
պահանջեն:
Արժանիքի
խնդիր
մը
կայ
հոս.
գոնէ
իր
անհատական
կեանքը
անբասի՜ր
ըլլար.
ինծի
չիյնար
վճիռ
արձակել։
Աստուած
է
դատաւորը.
բայց
վերջապէս
մաքուր
անուն
մը
չէ
ձգած
այս
մարդը.
ի՞նչ
կ՚ըսէք,
էֆէնտինե՛ր:
Ի՞նչ
ըսէին:
Աւագերէցը
անիրաւ
չէր
բոլորովին.
բայց
եկեղեցին
միայն
աղօթքով
չապրիր.
շէնքը
նորոգութեան
կարօտ
էր
եւ
զանգակատունը
փլչելու
վրայ
էր:
Մեծ
փաստն
էր
ասիկա:
Տէր
Աբրահամ
չյուսահատեցաւ.
եկեղեցին
իրն
էր...
մինչեւ
յետին
շունչը
պիտի
պաշտպանէր
զայն:
Սեւ
թիպէթէ
հովանոցը
ձեռքը
նաւամատոյց
իջաւ
ու
շոգենաւ
նստաւ
քարոզիչ
եպիսկոպոսին
քով
երթալու
համար:
Սրբազանը
Գուզկունճուգ
գացեր
էր
քանի
մը
օր,
իր
քրոջը
տունը:
Ուսեալ
եկեղեցական
մըն
էր,
փորձառութիւնով
լեցուն,
համոզուած
որ
միմիայն
աւետարանական
ճշմարտութիւններով
չի
շարժիր
աշխարհ:
Իր
կեանքն
անգամ
ասոր
ապացոյցն
էր.
տարիներ
գաւառները
թափառելէ
վերջը
իր
հօտին
ետեւէն,
խանգարուած
առողջութիւնը
կազդուրելու
համար
Պոլիս
եկեր
անկիւն
մը
նետուեր
էր
ահաւասիկ.
ու
պարտասումը
կ՚զգար`
հիմա
որ
հանգստութեան
մէջ
էր
այլեւս:
Իր
երիտասարդ
վարդապետի
օրերէն
մնացած
ակնկալութիւնները
ու
թռիչները
փճացեր
էին,
ու
կեանքի
շփումէն`
իր
բոլոր
մտաւորական
զարգացումը
սկեպտիկ
փիլիսոփայութեան
մը
վերածուած
էր,
խաւը
թափած
հագուստի
մը
պէս:
Փոքրիկ
սենեակին
մէջ
Հաւատքն
ու
Թերահաւատութիւնը
դէմ
առ
դէմ
կը
ճակատէին
այս
վայրկեանիս:
—
Բոլոր
ըսածներդ
կը
հասկնամ,
Տէ՛ր
Աբրահամ,
բոլոր
հոգուովս
կը
հասկնամ
ըսածներդ.
բայց
մտածենք
միասին
անգամ
մը.
այս
մարդը
կապակցութիւն
ունի
մեր
շատ
մը
հարուստներուն
հետ.
զինքը
վտարելը`
ամենուն
դէմ
թշնամական
փորձի
մը
պէս
մեկնութիւններու
տեղի
պիտի
տայ.
այս
կէտն
ալ
աչքի
առջեւէն
չհեռացնենք:
Ու
տեսնելով
որ
աւագերէցը
անդրդուելի
կը
մնայ`
—
Ասով
նպատակս
նորէն
մեր
Ս.
Եկեղեցւոյն
ծառայել
է.
արդէն
ամենքը
անտարբեր
են
եկեղեցականութեան
հանդէպ.
քիչ
մը
վերջը
յայտնի
հակառակութեան
պիտի
դառնան.
ու
երբ
եկեղեցականութիւնը
փճանայ`
կրնա՞յ
Եկեղեցին
կանգուն
մնալ:
—
Եկեղեցին
հաւատացեալներով
միայն
կանգուն
կրնայ
մնալ.
թէ
որ
հաւատացեալները
պակսին,
արդէն
իսկ
Եկեղեցին
ինկած
կ՚ըլլայ:
—
Այդ
ըսածդ
աստուածաբանութիւն
է,
բայց
իրողութիւնը
տարբեր
է.
կրօնական
համոզումները
տագնապալից
վիճակ
մը
ունին
այս
դարուս
մէջ.
զանոնք
շատ
առաջ
վարելը
նոր
վրդովումներու
տեղի
կրնայ
տալ.
խուսափինք
ասկէ,
Տէ՛ր
Աբրահամ,
խուսափինք:
Պատմութիւնը
կը
յայտնէ,
որ
ամեն
հասարակութեան
մէջ
դասակարգի
զանազանութիւններ
միշտ
գոյութիւն
ունեցած
են
եւ
ասկէ
վերջն
ալ
պիտի
մնան:
Մեր
հասարակութեան
մէջ
ունեւորը
զատ
դասակարգ
մը
կազմած
է
եւ
պիտի
կազմէ,
այն
ալ
մեր
հօտին
մէկ
մասն
է,
եւ
էն
կարեւոր
մասը,
զայն
ալ
սիրաշահինք,
ի՞նչ
կ՚ըսես:
Դադարէ
մը
վերջ
ուր
Սրբազանը
իր
խահուէն
խմեց
լմնցուց`
—
Նորէն
Եկեղեցւոյ
սրբութիւնը
պիտի
առարկես,
ննջեցեալին
ալ
ծանօթ
կեանքը
պիտի
յիշեցնես
հարկա՛ւ.
բայց
գերեզմանատունն
ալ
եկեղեցւոյ
մաս
չէ՞
միթէ.
երբ
մէկը
անարժան
է
ժամուն
բակին
մէջ
թաղուելու,
պէտք
է
ուրեմն
գերեզմանատունէն
ալ
մերժել
զինքը.
կը
տեսնես
թէ
ո՛ւր
կը
յանգի
քու
պահանջումդ`
եթէ
տրամաբանենք:
Ու
տրամաբանեց
այսպէս,
իր
շուրջը
մեծ
վէճ
մը,
աղմուկ
մը
չյարուցանելու
գաղափարէն
մղուած
քիչ
մը,
ու
քիչ
մըն
ալ
իր
դրական
մարդու
հայեացքովը
տարբերութիւն
մը
չգտնելով
ժամին
բակին
եւ
գերեզմանատան
հողին
մէջ:
Եւ
գաւառական
կեանքէն
քաղուած
պզտիկ
պատմութիւններով
համեմեց
իր
տեսութիւնները,
միշտ
անհամաձայնութեան
դուռ
չբանալու
յայտնի
ճիգով:
Աւագերէցը
սանդուխներուն
կէսը
իջած
էր
ու
Սրբազանին
ձայնը
դեռ
ետեւէն
կու
գար.
—
Սիրաշահինք: