Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Նոր ճեղքուած էր լոյսը, երբոր տէրտէրը ճամբայ ինկաւ ժամ երթալու համար. ոչ ոք կար փողոցներուն մէջ ու համատարած լռութիւնը, որ հազիւ փարատուող գիշերէն կուգար, քահանային ոտնաձայնը հատիկ հատիկ կը լսեցնէր:

Զառիվեր մը կ՚ելլէր, վասն զի ժամը, ամուր ու ցած շէնք մը որ հոսկէ կը տեսնուէր, վերը` գեղին բարձունքին վրայ էր: Հեւալով կը քալէր հովանոցի մը կթռնելով, սեւ թիպէթէ ու քիչ մը գոյնը կորսնցուցած աղքատի հովանոց` որ գաւազանի տեղ կը ծառայէր:

Երեսուն տարիէ ի վեր միեւնոյն համաչափ քայլերով կ՚ելլէր այս փողոցէն ի վեր, այն ճշդութեամբ, որով արեւը կը ծագէր, իր սիրական ժամը` իր Աստուծուն քովը փութալու համար:

Երբոր դուռը հասաւ, վայրկեան մը կեցաւ լիաթոք շունչ մը առնելու համար ու նայուածքը շուրջը պտըտցուց անգամ մը:

Իր աչքին առջեւ պարզուող այս յուլիսի առտուն շլացուց զինքը:

Վոսփորը կ՚երեւար, կ՚ընդհատուէր յանկարծ, նորէն կ՚սկսէր, կը դառնար, կը գալարէր, տիտանեան օձի մը պէս, երկու դիէն բարձրացող բլուրներուն մէջ:

Արեւին ձգած լուսաւոր շաւիղը անհամար ադամանդներու սփռում մըն էր հոն, աւելի մութցնելով կարծես ծովին թաւիշի կապոյտը:

Ծովեզերքին մօտ` այն կողմէն ուրկէ կը նայէր քահանան` այս ադամանդները մէկ մէկ կը զանազանուէին, այնքա՜ն մեծ էին. երթալով հետզհետէ կը պզտիկնային` բայց աւելի մերձենալով իրարու: Եւ աւելի հեռուն` փոսրտուք մըն էր այլեւս, լուսաճաճանչ փոշիներու տարածութիւն մը որ միապաղաղ մակարդակ մը կը ձեւացնէր, դիւթական փողփողումի մէջ անշարժացած:

Ծովին մէջտեղը այս հիւլէները կ՚երերտկային շարունակ, ձեւերնին, դիրքերնին, լոյսերնին կը փոխէին, իրարու առջեւ կը վազէին, իրարմէ խոյս կուտային անհնարին ու խօլական ոստումներով, արշաւներով, յամեցումներով, այս կապոյտ անջրպետին վրայ ակնախտիղ պար մը շինելով:

Ցամաքին վրայ առաւօտը ոչ նուազ հիացուցիչ էր. լեռները իրենց դալարիքը ու նոր հերկուած հողերին կարմիր ուռեցքները քովէ քով կարգով կը տարածէին: Անդին` ածուներու անդաստաններն էին զուգահեռական գիծերու անհատնում շարքերով, ու աւելի հեռուն, հորիզոնին վրայ, ծառերու հոծ խումբ մը, կանանչներու ամեն վառ երանգները մէկտեղ բերած, այն կանանչէն, որ դեղինին կը մօտենայ, մինչեւ այն, որ սեւին հետ կը շփոթուի: Այս կանանչութեան վրայ մերթ պզտիկ սարսուռ մը կը վազէր, ու իսկոյն կանանչ ու յամր կոհակներու ծփացում մը կը տեսնուէր:

Գետինը, խոտերուն վրայ, գիշերուընէ մնացած ցօղը կը շոգիանար արեւին ջերմութենէն:

Ձան ձուն ու շարժում չկար գեղին մէջ: Բիւրեղի յստակութեան մը եւ չեմ գիտեր ի՛նչ տեսակ սպասումի մէջ էր կարծես իր բոլորտիքը:

Յետոյ ճերմակ ամպերու ծուէններ երկինքին լուրթ բեհեզին վրայ երեւցան. թեթեւ հով մը ելաւ: Քանի մը եզներ քնաշրջիկի քալուածքով մը անցան. կաթնավաճառ մը իր պղինձէ ամաններուն աղմուկովը լռութիւնը վրդովեց:

Եկեղեցին կէս խաւարի մէջ էր` պատուհանին երկաթ փեղկերը բացուած չըլլալուն. երբոր աւագերէցը ներս մտաւ, պահարանին մէջ շուրջառ մը ձգեց ուսին վրայ, խալփախը սեւ գտակի մը հետ փոխեց ու խորանին առջեւ կանգ առաւ: Իսկոյն արծաթ թագը գլուխը դրած Աստուածածին մը իր հինցած ոսկեզօծ շրջանակէն նայուածքը իրեն ուղղեց. ապաքէն այս եկեղեցւոյն մէջ դրուելէն ի վեր ամեն եկողին կը նայէր ան միեւնոյն անստոյգ ու անվրդով նայուածքովը: Քահանան երեսը խաչակնքեց։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ...

Թաւ ձայնը թնդաց այս պարապութեան մէջ ու արձագանգը կրկնեց.

Եւ Հոգւոյն Սրբոյ...

Լուսարարը փեղկերը բանալու եկաւ ու յարուցած աղմուկը եկեղեցւոյն անդորրութիւնը խանգարեց: