Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առջի իրիկուան դէմ Սահակ Պերճուհին տեսաւ Եկեղեցիէն վար, Մէյտանին մէջ, ու քովը գնաց փախչելու ատեն չթողլով անոր.

Սրդողա՞ծ ես հետս:

Ե՞ս:

Բարեւս ինչո՞ւ չառիր, բարեւը Աստուծոյ է:

Աղջիկը չխօսեցաւ եւ հեռանալ ուզեց:

Կեցի՛ր, ատեն մը կը սիրէիր զիս, եղբօրս հետ չնշանուած դեռ, կը յիշե՞ս աղբիւրին քով խօսածներդ:

Ես եղբօրդ նշանածն եմ, մի՛ խօսիր հետս. ես այինկաճիի աղջիկ եմ:

Սահակ ձեռքը բռնել ուզեց, ու աղջիկը քաշուեցաւ ետ:

Այդչա՞փ գէշ մարդ եմ ես… եթէ գիտնայիր որ մէկ խօսքովդ սիրտս կը բանամ սա դանակով. իմ սէրս ամուր է աս երկաթին պէս, քուկդ… ծառի մը ոստին պէս ամեն դի կը ծռի, պզտիկ եղբօրմէն մեծ եղբօրը, Սահակէն Յակոբոսին կը դառնայ:

Պերճուհի թողուց, որ ձեռքը բռնէ. իր առջի բարեկամին ձայնը կը շարժէր զինքը. տեսաւ, որ արցունքի կաթիլ մը կը գլորէր անոր արեւակէզ այտէն` մրոտած պերեւեշտին վրայ։

Ո՞վ ըսաւ որ քօլճի ըլլաս:

Քեզի համար:

Ես այինկաճիի աղջիկ եմ:

Ու քիչ քիչ, իրիկնամուտին ստուերներուն մէջ մտերմացան նորէն. մշուշը պատեց իրենց առջի սիրոյն վերադարձը. յետոյ Սահակ մեկնիլ ուզեց ու աղջիկը չթողուց այս անգամ:

Կեցի՛ր, տէ, քիչիկ մըն ալ:

Կեցան, չկրնալով համոզուիլ, որ հարկ էր իրար թողուլ. անցորդները պիտի գայթակղէին տեսնելով այս ժամուն Այինկաճիին նշանածը սա քօլճիին քով. վախցան ու զատուեցան իրարմէ:

Հիմա դէպի լեռը կ՚երթար դեռ հմայուած, կրելով հրապոյրը իր առջի սիրած աղջկան, որ եղբօրը նշանածը եղած էր. այս հինգ վայրկեանի խօսակցութենԷն վերարծարծուած իր սէրը կը զարհուրեցնէր զինքը: Քաղքին զառիվայր տուները հեռուէն թաւալգլոր կործանումի մը տպաւորութիւնը թողուցին իր վրայ: Ճամբան շարունակեց անտառին մէջ մխուելով հետզհետէ. այս ծառերը իր պատանութեան, ուրախ զուարթ օրերու յիշատակները կ՚արթնցնէին մտքին մէջ: Եւ անտառին վեհաշուք խաղաղութիւնը բարկացուց զինքը. վերէն` տերեւներու բացուածքէն արծաթ շառաւիղներ կը թափանցէին ներս, կ՚իջնային գետնի դալարիքին ու մամուռներուն վրայ, ուղղաբերձ լուսանիւթ ծառի անթիւ կոճղերու պէս, ձեւացնելով երկու անտառ մէջ մէջի անցած, մէկը, որ հողէն կը բուսնէր ստուերամած գռուզ մազերու պէս, ու միւսը` երկինքէն եկող անհամար շողերու` որ ադամանդէ սանտրի մը նման անոր մէջ կը մխուէր:

Եւ փոխն ի փոխ այս մութ ու լոյս, կարծր ու աննիւթ գիծերու շարքը, որոնց մէջ կը քալէր հիմա, իր կեանքին անյարիր ճամբուն կը նմանէր ճիշդ. քանի մը ժամ առաջուան տեսակցութիւնը Պերճուհիին հետ` վերջին լուսաւոր գիծն էր ուրկէ անդին համակ աղջամուղջը կը տիրէր. եղբօրդ նշանա՜ծը, վաղը գուցէ անո՛ր կինը… Իր միտքը պատող խաւարը ա՛լ աւելի կը թանձրանար, ու չլսեց կամ լսել չուզեց ձայնը, որ խորէն, հեռուէն պոռաց.

Մի՛ գար առաջ:

Ինքը շարունակեց յառաջանալ, անփոյթ, անտարբեր, ծիծաղելով այս մութէն եկող հրամանին վրայ: Յանկարծ ձայնը որոտաց նորէն սուր, կտրուկ:

Կէլմէ՛:

Անտառը կրկնեց հրամանը, թաւ, հաստ ձայնով, ջանալով արթնցնել Սահակը, իրեն սպառնացող վտանգին անփոյթ: Յետոյ աւելի ուժգին ձայն մը, զոր Սահակ ճանչցաւ, եղբօրը ձայնը.

Կրա՛կ:

Հրացանները պայթեցան տասը մէկէն, գնտակները սուլեցին իրենց կարմիր շաւիղներով ծակծկելով շուրջի մթութիւնը: Սահակ կեցաւ ծառի մը բունին կռթնած, խաղամուծ մարդու մը խոնջէնքով, դիտելով այս գնտակի թափթփուքները, որ իր չորս դին ինկան ու զուարճացուցին զինքը: Մեռնի՜լ. վախցա՞ծ էր երբեք մեռնելէ, եւ եղբօրմէն եկող այս հարուածները փրկութեան մահ մը կը խոստանային իրեն. անոր ձեռքէն մեռնի՜լ. ի՜նչ հաճոյք:

Կրա՜կ, հրամայեց Այինկաճիին ձայնը, կրկնուելով երկարելով անտառին խուլ ու մութ խորշերուն մէջ:

Ի՜նչ հաճոյք եղբօրը գնտակին հանդիպիլ, ու Պերճուհին…

Եւ գետին ինկաւ Սահակ, կուրծքէն զարնուած: