Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ծովուն վրայ կը ծփար, կ՚օրօրուէր, կը տատանէր, կռնակին վրայ պառկած, բոլոր հասակովը ջուրին երեսը. գէր մարդ մըն էր ասիկա, մեծ մեծ բացուած, կարծես թէ զարմացած աչքերով, ու անթարթ, յամառ նայուածքով մը դէպի երկինք՝ ուր լուսինը, իր տասնըհինգին մէջ, արծաթէ կլոր ու հսկայ դրամի մը պէս կը փայլէր:

Ու մարդուն վզին սերտիւ կապուած սեւ կաշիէ պայուսակի մը մասը, ջուրէն դուրս մնացած, կը ծփար անոր հետ, ատեն ատեն գլուխը սուզել տալով քիչ մը դէպի վար. յետոյ այդ գլուխը վեր կ՚ելլէր իսկոյն, ազատելու ճիգով մը պայուսակին ծանրութենէն:

Ծովին հայելիի պէս արծաթած երեսին վրայ՝ այս մարմինը, իր ճիտէն կախուած պայուսակովը, մակոյկը ետին ձգած նաւու մը կը նմանէր, հեռուն, խիստ հեռուն. ջուրին մէջ երկուքն ալ կապուած էին ինչպէս կեանքին մէջ ալ զատուած չէին իրարմէ: Կապը անեղծ կը մնար ամեն տեղ: Քար լեցուած այս կաշիէ տոպրակը ալ պարպուելու վախ չունէր այսուհետեւ. յագեցած ու կշտացած փորն էր, գիրգ եւ ուռեցւորած. իր տեղը՝ մարդոց թեւին տակը չէր ուր այդքան տարի ծալլուած, սեղմուած ու շնչահեղձ մնացած էր. ո՛չ. այդ պայուսակը՝ իր անողորմ յամառութեամբը, իր յուսահատեցուցիչ դատարկութեամբը, մարդոց ճիտին պարտքը կը մարմնացնէր անշուշտ. իր ճշմարիտ տեղը, ուրեմն, անոր վզին վրայ էր, ճիշդ հո՛ն ուր հաստատուած էր հիմա:

Եւ երեսուն տարիէ ի վեր, վտարուածի մը նման՝ որ առջի անգամ իր բուն տեղը գտնելուն ու բազմելուն համար կ՚ուրախանայ, քէյֆ կ՚ընէ, ծովուն ամեն ծփանքին հետ՝ պայուսակը՝ իր կոպիտ մորթովը մարդուն երեսը կը գգուէր ու կը շոյէր