Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երբոր իմ մտերիմ բարեկամս, Ճամճեան Օննիկ, Իզմիրէն Պոլիս եկաւ ամուսնանալու համար, ես տարիէ մը ի վեր Աննիկէն բաժնուած էի, այն խօլ արշաւին մէջ զոր կը մղէի կնոջական զբօսանքներու համար, աւելի հետաքրքիր ուղեւորի մը պէս քան թէ ճշմարիտ վայելքի մը սիրոյն։

Բայց անոր դէմքը՝ յատուկ պատուանդանի մը վրայ դրած կը պահէի սրտիս խորը. մասնաւոր խուց մը յատկացուցած էի անոր, բացառիկ ու անստգիւտ էակին. ամեն հեղ որ կանացի պզտիկ դաւերու, ստայօդ պչրանքներու հանդիսատեսը կ՚ըլլայի, այդ դէմքին հաստատատիպ արտայայտութիւնը կ՚ամոքէր զիս։

Եւ ունայնասէր՝ ինչպէս կ՚ըլլան իմ տարիքիս մարդերը, կ՚երեւակայէի այդ վճիտ ու յստակ սիրտը դեռ ինձմով լեցուն՝ թէեւ ես լքած ու ձգած ըլլայի զինքը շատոնցուընէ ի վեր։

Աղէկ կը յիշեմ որ շաբաթ առտու մըն էր։

Բարեկամս եկաւ տեղեկութիւն առնելու ինէ աղջկան մը վրայ, որուն հետ միտք ունէր ամուսնանալու եւ որուն գովեստը ըրեր էին ամենքը. իմ ալ կարծիքս առնել կ՚ուզէր որոշում մը տալէ առաջ. ո՛վ ըլլալը հարցուցի իրեն. Աննիկն էր ան։

Չեմ ծածկեր որ մեծ սրտնեղութեամբ մը իմացայ այս լուրը. ուրեմն այս աղջիկը մոռցեր էր զիս, քանի որ ահա ուրիշի մը հետ կ՚ամուսնանար՝ մինչդեռ ես անմխիթար կը կարծէի զինքը ինէ զատուելուն համար։

Բարեկամս իմ դժկամակութիւնս կարդաց երեսիս վրայ, այնքա՜ն այս յետադարձ նախանձը սրտիս վրայ խարանի ցաւ մը ձգած էր. վախցաւ որ աննպաստ կարծիք մը ունիմ այս աղջկան վրայ։

Ո՛չ, ըսի իրեն, ընդհակառակը, շատ գեղեցիկ ու շատ ուսեալ աղջիկ մըն է. ճաշակի ու մանաւանդ սրտի տէր մէկն է. գէթ այսպէս կ՚ըսեն զինքը ճանչցողները. ես հեռուանց միայն նշմարած եմ զինքը. երբեմն հոս հոն տեսած բայց մօտէն չեմ ճանչցած բնաւ. գիտեմ սակայն որ ամենքը միաբերան զինքը կը գովեն։

Ես ալ այնպէս լսեցի, ըսաւ բարեկամս, ուրեմն որոշումս որոշում է. վայրկեան մը վախցուցիր զիս, գիտե՞ս, կարծեցի որ անխելք բան մը ընելու վրայ էի, Աննիկին հետ ամուսնանալովս. ուրեմն այս մասին ա՛լ խնդիր չկայ. վաղը միասին պիտի երթանք խօսք կապը տանելու։

Ի զուր մերժեցի, ընդդիմացայ, փաստաբանեցի. Իզմիրցիները յամառ կ՚ըլլան, եւ բարեկամս մինչեւ խօսք չառաւ ինէ հետեւեալ օրը իրեն ընկերանալուս, չթողուց զիս. ձեռքէն ազատելու հնարը չեղաւ. թող այդպէս ըլլայ ուրեմն։

Վաղը ես Աննիկին խօսք կապ պիտի տամ ուրիշի մը համար, ի՜նչ բաղդի խաղ, Աստուած իմ։