Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ու մեռաւ իրօք, չափաւոր հիւանդութենէ մը վերջը, ոչ շատ երկար՝ ոչ շատ կարճ, կարգով կանոնով, ինչպէս որ պատուաւոր մարդ մը պէտք է մեռնի։ Ոչ յանկարծակի, ոչ դիպուածական մահով, որոնք զղջումի ատեն չեն ձգեր ու գերագոյն պատրաստութեանց չեն յարմարիր, այլ երեք ամիս անկողնին ծառայելէն վերջը ու Ս. Եկեղեցւոյ խորհուրդները առնելէ զկնի, ինչպէս Մահազդը ծանոյց։

Բժիշկները, որոնք զինքը դարմանելու եկան, ճշդիւ չկրցան ճանչնալ հիւանդութիւնը որ զինքը սպառեց. նուաղում մըն էր տակաւ, անխօսիկ, առանց ցաւի, որ այս շէնքով ու շնորհքով լեցուն տանը մէջ միակ ներելին էր արդէն։

Անոր մեռնելովը ոչ ոք ցաւ մը զգաց, թէեւ միշտ միեւնոյն Մահազդը մեզի իմացուց թէ այս կարուստը ի խոր սուգ համակեց տնեցիները։

Իր այրին տարի մը սեւեր հագաւ, առջի երեք ամիսը թանձր քօղք մը դրած երեսն ի վար, որ մինչեւ ոտքը կը հասնէր. յետոյ քօղքը կռնակին վրայ իջաւ ու քիչ քիչ վերցաւ բոլորովին. ընդունուած սովորութիւնները ամենքն ալ յարգուեցան ու պահպանուեցան։ Նոյն իսկ քառսունքին, Յակոբիկին հոգուն պատարագ մը ընել տուին։

 

Այսպէս գլխիվայր բան մը եղաւ այս տղուն ճակատագիրը։ Ճիշդ անկէ մեռաւ ուրկէ շատ մը մարդիկ այնքան հանգիստ կ՚ապրին աչուընիս առջեւ։ Ցաւը որ զինքը տարաւ, բորոտութիւնն էր՝ տարածուած այնքան մեր մէջ եւ որուն իր առողջ նկարագիրը չտոկաց։ Այդ հիւանդութիւնը կը կոչուի՝ պայմանադրական կեղծիքը ընկերութեան։