Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եւ այս չէ՞ միթէ մեծ մասով բոլոր սէրերու պատմութիւնն ալ. կը պատահի՞նք մեր դիմացինին անձին մէջ, իրօք այն մտացածին էակին զոր սրտերնուս ու հոգիներուս մէջ ստեղծած ենք. ո՞չ ապաքէն այդ երեւակայական, այդ կատարեալ էակն է զոր գտնել կը կարծենք, կը պաշտենք:

Ո՛չ. յափրացումները չպիտի գային երբեք, դառնութիւնները չպիտի խառնուէին մեր սիրոյն, եթէ ճշդիւ այն ըղձածուած ու անկարելի կերպով կատարեալ արարածը ունենայինք դէմերնիս: Ամեն մարդ իր Ճօկօն, իր ստեղծած ու չգտածը կը սիրէ միշտ, նոյն իսկ ամենէն շատ պաշտել կարծած անձին վրայ. ու ասոր համար է, որ, քիչ քիչ մեր սխալը ճանչնալնուս հետ, վարագոյրի մը բացուելուն պէս` պատրանքը կը փարատի տակաւ, ամենէն զօրաւոր ու անխախտ կարծուած սէրէն յիշատակի փշրանքներ միայն ձգելով: