Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հիմա միջակ հասակով, մօրուօք, ալեւորած մէկն էր Յուսէփ աղան որ վաճառականութենէ, խանութպանութենէ հետզհետէ իջնելով իջնելով առուտուրի միջնորդութեամբ կ՚ապրէր ալ, խանութէ խանութ, դուռնէ դուռ տանելով պասմայի ու ճերմակեղէնի մատուցումներու եւ պահանջումներու անհամաձայնելի ու հակառակորդ հաւաքածոները:

Ո՞վ ըսեր էր որ աս երկուքին մէջ ներդաշնակութիւն մը կայ. Յուսէփ աղան ի զուր օրն ի բուն իր հաշտարարի դերը կը կատարէր, ողոքիչ, համոզիչ փաստերով, առնողին ըսելով թէ ապրանքը աժան էր այդ գինով, ու ծախողին՝ թէ իր վաճառքը պահանջած գինէն շատ պակաս կ՚ընէր. ո՛չ. երկուքն ալ կը յամառէին եւ Յուսէփ աղան յուսակտուր ձեռնթափ կ՚ըլլար ա՛լ. առեւտուրի տագնապը, զոր իր վաճառական եղած ատենէն այնքան լաւ կը ճանչնար, նորէն իր վրայ, իր համեստ միջնորդի ապրուստին վրայ ալ կ՚իշխէր ու փճացնել կ՚սպառնար զինքը:

Ո՜հ, թէ որ մինակ ըլլար, ի՜նչ փոյթ. բայց երկու աղջիկ զաւակներ իրենց պատանութեան ամեն հրապոյրներովը, ամեն պատրանքներովը իրեն կը նայէին. առջի մանկուհիները չէին, այլ խելահաս պատանուհիներ կեանքի վայելքի արդար ու անմեղ ըղձանքներով, ակնկալութիւններով ծարաւի:

Այս զաւակները, իր բոլոր երջանկութիւնը, հիմա կը ճնշէին զինքը իրենց 14-15 տարու աղջկան անմեղութեան ժպիտովը, որ յանդիմանութիւնով լեցուն կ՚երեւար իր հայրական աչքին: Յանցաւորի պէս կը մտնէր ներս, զրկանքներու դատապարտուած այս երկու հոգիներուն առջեւ, մեղաւորի նման գլխիկոր կը դառնար տուն, երեսին վրայ միշտ պահելով զուարթութեան կեղծաւոր երեւոյթը ու այս դիմայլակին տակ պարտկելով իր ապիկար ու շուարած մարդու կսկիծը: