Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սա դէմի ելեւէջաւոր գիծը, որ հորիզոնը կը կտրէ կը կտրտէ, որ իր ատամներով կը խածնէ երկինքը անսահման կապոյտին մէջ` լեռներու շղթայ մըն է դէպի հիւսիս վազող. իր ափափայ կողերուն վրայ տարածուող խիտ մթութիւնը, անթափանց սեւութիւնը` անտառներունն է, աղջամղջային կանանչութիւն, որ գիշեր ատեն եւ լուսնի լուսով` թանձր հեղուկէ լիճի մը պէս կը փալփլի:

Ասդին` Իզմիտի ծովն է հետզհետէ ամփոփուած, նեղցած, սպառած, որուն տամուկ կապոյտին մէջ լուսինը կ՚իջնէ վերէն, կը թաթխուի առանց իր պայծառութիւնը, յստակութիւնը մազի չափ կորսնցնելու, եւ մանրուք ալիքներու տարուբերումին հետ կոտրտած հայելիի բեկորներ կը ձեւացնէ, որոնք իրարու կը կցուին, իրարմէ կը հեռանան, կը ցրուին, նորէն միանալու ու նորէն բաժնուելու համար:

Հոս` քարայատակ ճամբուն վրայ` ձիերու շարք մը կը քալէ հազիւ լսելի ոտնաձայնով մը, որ պայտերուն վրայ փաթթուած չուխայի կտորներով կը մեղմանայ, ամբողջ կարաւան մը ծխախոտ փոխադրող շրջակայ գեղերէն. ու տասնի չափ տղաք կուգան քովէն հետիոտն, հրացանը ուսերնուն կախած, ատրճանակը մէջքերնին:

Հիմա լուսնին լոյսը կ՚իջնայ ասոնց գլխուն վրայ շիտակ, լուսաւորելով եւ մատնանիշ ընելով այինկաճիներուն խումբը, որ չի կրնար ինքզինքը պաշտպանել այս լոյսի վտանգաւոր ողողումին դէմ. եւ յուշիկ կը քալեն աղէտի մը նախազգացումով, ծառի խարշափիւնին, տերեւի մը կծկումին ուշադիր, անձկութեամբ լեցուած. յետոյ կը վարժուին այս պայծառ լոյսին, որ զուարթութիւն կը բերէ հետը, եւ կը խօսակցին մեղմիւ.

Քանի՞ օխա թիւթիւն վերուցին Մահալլէյէն:

Հարիւր քսան:

Ո՞ւր է Յակոբոսը:

Առջեւէն կ՚երթայ:

Միշտ առջեւէն կ՚երթար, մինակուկը ամեն վտանգի դէմ, ձեռքը մէջքի դաշոյնին բունին, խորհելով իր եղբօր հետ հաւանական հանդիպումին ճամփու մը վրայ. ու այս գաղափարին` զգալով կսկիծ մը, սուր ցաւ մը, որ սիրտը կը լեցնէր, կոկորդէն կը բռնէր եւ շնչահեղձ կ՚ընէր զինքը:

Պահ մը կը մտածէր թողուլ այս կեանքը, այս մշտնջենական վտանգի արհեստը, որ հիմա եղբայրասպան հանդիպումներու զարհուրանքովը կը լեցուէր, որ իր նշանածը հարս չեղած, զայն այրի թողուլ կ՚սպառնար ամեն վայրկեան. եւ գլուխը կախ կ՚երթար, մոռնալով կարաւանը, որ կը հետեւէր իրեն, որուն պահպանութեան հոգը իր պզտիկ դաշոյնին եւ իր մեծ սրտին վստահած էին:

Անտառը կը մտնէր. ու լուսինն ալ կը խոնարհէր կ՚իջնէր իր բարձրութենէն անտառին ծոցը, ծառերուն սաղարթներուն, երկարող վտիտ ընձիւղներուն վրայ որոնք իր սկաւառակին մէջ կը մխուէին, կարծես հոս անձնասպան ըլլալու համար նետուելով անտառին սուր ծայրերուն վրայ, որոնք զինքը պիտի գիշատէին:

Հեռուն` լեռներէն իջնող ջուր մը երիզուտ աւազանի մը մէջէն վազելով կը խոխոջէր. գորտեր կը կռկռային, խռովելով գիշերուան լռութիւնը:

Առջի օրուան կորուստին կը խորհէր պահ մըն ալ, կը խորհէր գրաւուած ծխախոտին, զոր չէին կրցած փախցնել, եւ միտքը եղբօրը կ՚երթար ու ձեռքը` մութին մէջ ուժգին կը սեղմէր դաշոյնին կոթը: