Եօքարը
Մահալլէին
մէջ,
բլուրի
մը
վրայ
մանառիկ
եւ
անձուկ
փողոցներով
շինուած
թաղ
մը,
կռիւը
կ՚սկսէր
խուլ
շշուկով
մը,
խուզարկութեան
եկող
դէտերուն
դէմ:
Կիներու
բազմութիւնը
կ՚աւելնար
շարունակ.
անկիւններէ,
ծակերէ,
խորշերէ
կ՚ելլէր
հետզհետէ
ու
կը
լեցուէր
հին,
փայտաշէն
տան
մը
առջին,
ուռուցիկ
շալվարներու
կոհակներով
խափանելով
անցուդարձը.
հոծ,
գրեթէ
միակտուր
զանգուած
մը
ահա՛,
որուն
մէջ
Ռէժիի
համազգեստին
կարմիր
երիզները
կը
խառնուէին
նուրբ
արիւնոտ
ջիղերու
սողոսկումներով:
Եւ
այս
կանացի
խուժանին
բողոքը
կ՚ելլէր
դուրս,
զսպուած
հառաչանքի
մը
պէս
բարձրանալով
օդին`
ամառ
ցերեկուան
մը
հեղձուցիչ
մթնոլորտին
մէջ,
ժխոր
մը
նախ,
յետոյ
ճշդուելով
քիչ
քիչ,
որուն
մէջ
բառ
մը
յստակ
ու
որոշ,
ականջի
կը
զարնէր,
անծանօթ
լեզուի
մը
բառը,
զոր
այս
բազմութեան
մէջ
ամեն
ոք
կը
հասկնար,
կը
կրկնէր,
իրարու
երեսին
կը
նետէր
եւ
զոր
երկարող
փողոցին
անձկութիւնը
վիթխարի
փողի
մը
պէս
կը
տանէր,
կը
հասցնէր
հեռուն,
մինչեւ
քաղաքը։
—
Այինկա՜,
այինկա՜:
Ռէժիի
պաշտօնեաները
կը
խորհրդակցէին
բռնութեան
դիմելէ
առաջ,
չափելով
այս
տկարութեամբ
կազմուած
զօրութիւնը
զոր
ահա
պեղել,
անցնիլ
հարկ
կ՚ըլլար
մինչեւ
սա
տունին
մուտքը,
ուր
ծխախոտի
մեծաքանակ
մթերք
մը
կար
պատրաստ,
ինչպէս
որ
իրենց
իմացուցած
էին
կանխաւ.
եւ
իրենց
վարձատրութեան
հաշիւով
շահամոլի
ջիղերնին
կը
պրկուէր,
աչուընին
կը
փայլէր
ու
նոր
ջանք
մը
կ՚ընէին,
ուսովնին
ճամբայ
մը
բանալու,
քայլ
մը
աւելի
մօտենալու
համար
այդ
դէմի
դրան,
ուրկէ
հազիւ
տասը
քայլ
կը
բաժնէր
զիրենք:
Անդին`
բազմութիւնը
ա՛լ
աւելի
կը
սեղմուէր,
համբերութիւնը
սպառելով,
վերջ
մը
տալու
պէտքը
զգացուելով
երկուստեք.
զայրոյթը,
հին
ատելութիւնը՝
այս
երկու
տարրին
մէջ,
աւանդական,
ճակատագրային
բան
մը,
երեւան
կ՚ելլէր
բիրտ
անկեղծութեամբ:
Ծխախոտի
հին
խուզարկութիւններու,
գրաւումներու
յիշատակը
կուգար
արծարծել
մշտնջենական
հակառակութիւնը.
կռիւներու
մէջ
տրուած
առնուած
վէրքերու
սպիները
կը
բացուէին
այս
պահուս,
իրենց
շարաւին
հոտովը,
թարմ
արիւնի
բուրումովը
զայրացնելով
հատուցումի
պէտքը
եւ
կծու
մարմաջը.
յետոյ
ամբողջ
Եօքարը
Մահալլէի
մթերքը
պահուած
էր
այս
խարխուլ
տան
մէջ,
ամենուն
հարստութիւնը,
ամբողջ
տարուան
ապրուստը:
Եւ
կը
հաշուէին
մինչեւ
հիմա
իրենցմէ
գրաւուած
ծխախոտներուն
քանակութիւնը,
որուն
կսկիծը`
ամեն
մէկուն
համար
զատ
զատ,
ծանր
տուգանքներով,
երկար
բանտարկութիւններով
սաստկացած
էր:
Ամբոխէն`
բերնէ
բերան
խօսքեր,
անցախօս
բառեր
կը
սահէին,
կը
սպրդէին
ներս,
պատուէրներ,
հրամաններ`
փութալու,
աճապարելու:
—
Ծօ՛,
Յակոբոս,
տէ՛
երերա:
Ներսը
կ՚երերային,
կը
շտապէին.
ոտնաձայներ,
կահ
կարասիներու,
մթերուած
ապրանքներու
փոխադրութեան
խուլ
ջանքեր
կը
լսուէին,
վայրկենական
տեղափոխութիւն
տանիքներու
վրայ,
առաստաղներուն
տակէն.
եւ
նեղ
փողոցին
մէջ
հիմա
ծխախոտի
ուժգին
հոտ
մը
կը
ծաւալէր,
այնքան
որ
Ռէժիին
դէտերը`
յուսահատ`
այս
բոլոր
կիները
ցրուելու
եւ
կողոպուտը
չփախցնելու
փորձութեամբ
կը
բռնուէին,
մինչդեռ
Ոստիկանութիւնը,
ամենէն
աւելի
հեռատես,
օրինական
ձեւակերպութիւնները
կը
կատարէր
այդ
տունը
կոխելէ
առաջ:
Եւ
աղաղակը
կը
բարձրանար
աւելի
ուժգին,
կիզիչ
արեւին
սկաւառակէն
իյնող
յորդ
ու
ջերմ
լոյսին
պէս
զայրացած,
աղաղակ
մը`
որուն
մէջ
առջի
բառը
կուգար,
կը
դառնար,
կը
վերադառնար
շարունակ.
—
Այինկա՜,
այինկա՜: