Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Չէք գիտեր որքա՜ն կը սիրեմ ձեզի հետ տեսնուիլ, կ՚ըսէր աղջիկը, երբ օր մը նորէն պատահեցան իրարու. ինչո՞ւ չէք անցնիր երբեմն մեր տանը առջեւէն. եթէ պատեհութիւն չունիմ խօսելու հետերնիդ, գոնէ հեռուէն տեսնեմ ձեզ: Գիտեմ, ճամբանիդ պիտի երկարի քիչ մը, բայց չէ՞ք ուզեր հաճոյք մը պատճառել ինծի, զիս երջանիկ ընել գրեթէ:

Սարգիս Ուղուրլեան կը շուարէր. իրա՞ւ. ո՞ւրկէ կուգար իրեն այս անակնունելի համակրութիւնը, ինքը` կեանքը տալու պատրաստ էր այս աղջիկին, եւ ան էր ահա որ իրմէ առաջ, մէկդի ընելով պայմանադրական վեհերոտութեան մը կանոնները, սիրտը կը բանար, միամիտ պարզութեամբ, ատեն չձգելով իրեն յայտնելու թէ ինքն ալ խենթենալու չափ կը սիրէր այս աղջիկը:

Այդ օրը անճառ երանութեան օր մը եղաւ երկուքին համար ալ: Բաժնուեցան, ակամայ, նորէն իրար գտնելու առաջադրութեամբ:

Զմայլած կ՚երթար երիտասարդը, չհաւատալով դեռ լսածին ու տեսածին, յուշիկ քայլերով կ՚երթար, խիստ շարժում մը չընելու երկիւղով, վախնալով որ վաղանցիկ երազի դիւթական շէնքը յանկարծ չքայքայի: