Երբոր,
դատի
մը
առթիւ,
ես
այդ
կողմերը
գացի
ասկէ
քանի
մը
տարի
առաջ,
դրացիներուն
ողորմութիւնը
կ՚ապրեցնէր
այս
ընտանիքը։
Դասատուն
ծանր
հիւանդ
էր,
գացի
տեսնելու
զինքը
իր
անկողնին
մէջ։
Երեսուն
տարու
չկար
դեռ
հէք
տղան
եւ
սակայն
մազերը
ալեւոր
էին
բոլոր։
Աչքերը,
որ
ջերմէն
կը
փայլէին,
փոսը
ինկած
էին.
դիակի
դեղնութիւն
մը
ծաւալած
էր
իր
խոռոչացած
այտերուն
վրայ.
դրան
առջեւ՝
իր
երկու
տղաքը,
պզտիկ
շալվարներ
հագած,
երկու
պզտիկ
փոթուրլըներ,
կը
խաղային
իրենց
տարիքին
անգիտակից
ու
շքեղ
անփութութեամբը։
Մայրերնին՝
գոյնը
նետած
պասմայէ
շրջազգեստի
պէս
բան
մը
հագած
էր.
իր
սեւ
ու
հին
եազմայէն՝
որ
այրիի
մը
երեւոյթը
կուտար
անոր՝
առատ
մազերը
կը
թափէին
դուրս
ճակտին
վրայ
ու
կռնակէն
մէջքը
կը
հասնէին։
Մաքուր
հայերէնով
մը,
որուն
մէջ
զիս
զարմացնելու
անմեղ
պչրանքը
զգացի,
խօսեցաւ
հետս,
իր
էրկանը
կարօտ
վիճակը
պարզեց,
ամուսնացած
օրէն
օր
մը
դեռ
հանգիստի
երեսը
տեսած
չըլլալը
խոստովանեցաւ։
Հիւանդութիւնը,
հիւծախտ
մը՝
սնունդի
անբաւականութենէ
ու
բարոյական
հոգերէ
առաջ
եկած,
օր
օրի
կը
հալեցնէր
անոր
տկար
ոյժերը
ու
դիւրաւ
գուշակել
կուտար
վախճանը
որ
մօտալուտ
էր։
Իմ
հոն
երթալէս
ութ
օր
վերջը
մեռաւ
անիկա,
մահ
մը
որ
փրկութիւն
մըն
էր
գրեթէ
անտանելի
թշուառութենէ
մը.
իր
կարճատեւ
կեանքին
պէս
աղքատիկ
ու
անշուք
եղաւ
իր
թաղումը.
ես,
մէկ
երկու
Պոլսեցիներ
որ
դիպուածով
այդ
կողմը
կը
գտնուէինք,
յուղարկաւոր
գացինք
իրեն
մինչեւ
գերեզմանատունը
որ
անոնց
տունէն
շատ
հեռու
ալ
չէր։
Գեղացիներէն
հազիւ
չորս
հինգ
հոգի,
որոնց
մէջ
չօրպաճիներէն
մէկը,
երիտասարդ
մը,
զոր
ճանչցուցին
ինձի.
Օհանճան
աղան։
Համեստ,
գրեթէ
ամչկոտ
մէկը,
որ
իմ
մօտս
գտնուելուն,
ինծի
հետ
խօսելու
համարձակելուն
համար
կարծես
թէ
ներում
կը
խնդրէ։
—
Խապա
մարդեր
ենք
մենք,
կ՚ըսէ
ինծի,
մեր
ըրածին
խօսածին
մի՛
նայիք,
մենք
ուսումնական
չենք.
փոթուր
կը
հագնինք,
եէմէնի
ունինք
ոտքերնիս։
Պակասութիւն
մը
խոստովանելէ
աւելի
լուռ
բողոքի,
գանգատի
պէս
բան
մը
կայ
այս
խօսքին
մէջ
որ
միտքս
կը
չարչարէ։
Շուտով
կը
բարեկամանայ
հետս
ու
վերադարձին՝
ճամբունուս
վրայ
իր
գործատունը
կը
հրաւիրէ,
խոզակի
գործատուն՝
թթենիի
պարտէզներով
շրջապատուած՝
զոր
յաջողութեամբ
կը
բանեցնէ։
Մէկիկ
մէկիկ
քովի
արտերը
հողերը
կը
թուէ
ինծի
անոնց
բերքը,
հասոյթը
կը
բացատրէ,
բոլորը
իր
սեփականութիւնը,
որուն
վրայ
արդար
ու
համարձակ
հպարտութեամբ
մը
կը
պարծենայ։
—
Ես
րէնճպէրութենէ
առաջ
եկած
եմ։
Կը
գովեմ
իր
յաջողութիւնը,
այնքան
սիրայօժար,
որքան
Օհանճան
խոնարհ
ու
ստորին
աստիճանէ
մը
տակաւ
բարձրանալով
ձեռք
բերած
է
զայն։
Իրիկուան,
իր
տունը
ճաշի
կը
հրաւիրէ
զիս.
կը
մերժեմ.
բայց
անիկա
կը
թախանձէ
ու
օձիքս
չի
թողուր.
չեմ
կրնար
իր
այսքան
հիւրասիրութեանը
դէմ
յամառիլ.
մանաւանդ
որ
պարզուկ
բայց
ազնիւ
սրտի
տէր
մէկը
կ՚երեւայ
ինծի։
Տունը՝
էն
աղուորներէն
մեկն
է
գեղին
մէջ.
ծովեզերքը
տանող
կառուղիին
վրայ
կը
նայի
ու
գեղեցիկ
պարտէզի
մը
մէջ
շինուած
է.
ընդարձակ
շէնք
մը
որուն
մէջ
իրմէն
զատ
մայրը
կայ
միայն,
դեռ
կորովի
կին
մը,
աշխատասէր
ու
խնայող
Հայուհիի
տիպար
մը։
—
Բարի
եկաք,
կ՚ըսէ
ինծի.
Օհանճանս
միսաֆիրը
կը
սիրէ,
կը
մեծարէ.
բարի
եկաք։
Քիչ
մը
կը
մտերմանամ
հետը
ու
կը
հարցնեմ
թէ
ինչո՞ւ
մինչեւ
հիմա
հարս
մը
չունի
տանը
մէջ։
—
Օհանճանիս
հարցո՛ւր,
կը
պատասխանէ
ինծի։
Բան
մը
չեմ
հասկնար
ասկէ.
ուրիշ
խօսքեր
վրայ
կը
բերեն,
հին
ու
նոր
պատմութիւններ
կը
պատմեն
ինծի։
Ճաշէն
վրեջը,
դրացիներ
կը
հաւաքուին
ու
մինչեւ
կէս
գիշեր
կը
զբօսնունք։
Գիշերը
ես
կը
դառնամ
այն
տունը՝
ուր
այս
գիւղը
անցուցած
բոլոր
միջոցիս
հիւրընկալուած
եմ։
Հետեւեալ
առտուն
այնտեղ
պատմեցին
ինծի
Օհանճանին
պատմութիւնը,
իր
մերժուած
սէրը,
մինչեւ
հիմա
ամուրի
մնալուն
գաղտնիքը։