Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Արշակ Եազըճեան, որ պարահանդէսին էն տաք միջոցին, միտքը ուրիշ տեղ եղող մարդու մը պէս աննպատակ եւ անուշադիր կը պտըտէր, յանկարծ թեւի մը շօշափումը զգաց իր թեւին տակ. վարդագոյն տօմինօ մըն էր հասակագեղ, որ կ՚ըսէր իրեն.

Ինչո՞ւ չէք պարեր:

Չեմ ախորժիր:

Ձեզի պէս երիտասա՜րդ մը…

Պարելը տարիքի հետ գործ չունի. տեսէք սա ալեւոր մարդը որ վալս կը դառնայ պատանիի մը աշխոյժով:

Ու երիտասարդը իր ընկերուհին դիտեց ոտքի պզտիկ կօշիկէն մինչեւ դիմակը, բեհեզի պատառ մը` որուն շիկնոտ երանգը դէմքին չծածկուած մասին վրայ կը շարունակուէր. իր մեծաշէն գեղեցկութեանը հակառակ, մանուկի ձեռքեր ունէր եւ մինչեւ արմուկը հասնող ճերմակ ձեռնոցները կը յիշեցնէին Պէշիկթաշլեանի երգած ձիւնաթոյր թաթիկը:

Կուրծքը, զոր տօմինօին մէջքը սեղմող մետաքսեայ գօտին դուրս կը ցայտեցնէր, զոյգ մը ըմբոստ նժոյգի գլուխներու պէս, քարակարկառ արձանի մը լանջքին խոստումը ու գաղափարը կուտար, խոստում, զոր հիմա իրարու դպող թեւերուն մէջ սողոսկող սարսուռը կը շեշտէր:

Տօմինօն անձնավստահ մէկու մը պէս թող կուտար առանց տրտնջալու որ զինքը երկարօրէն դիտեն, քննեն ու գնահատեն, գիտնալով, որ վերջ ի վերջոյ նպաստաւոր պիտի ըլլայ եզրակացութիւնը իրեն: