Դասէն`
կը
դիտեմ
զինքը
հետաքրքիր,
ու
քիչ
մըն
ալ,
ինչո՞ւ
պահեմ,
անձկութեամբ:
Ինէ
չորս
քայլ
միայն
հեռու
է,
փղոսկրէ
կողքով
աղօթագիրքը
ձեռքը,
դէմքը
այլայլած
ու
աչքը`
իմինիս
չհանդպելու
փախուստին
մէջ`
սեղանին
ապաւինած:
Իր
գեղակառոյց
արձանի
շռայլուած
պարգեւները
խաթարուած
չէին
ամուսնանալովը.
ընդհակառակը:
Նոյն
հասակեայ
կինն
էր,
աղջիկ
ատենին
վրայ
սոնքացած
քիչ
մը,
իրաւ
է.
բայց
իր
գորշ
արդուզարդին
ճարտարարուեստ
վայելչութեամբը,
որ
այս
գիւղի
ժամուն
մէջ
զարմանք
կը
հրաւիրէ,
պարտկելով,
նոյն
իսկ
շնորհալի
ընծայելով
իր
մսոտ
կնկան
թանձրութիւնը:
Աչուըները`
ածուխի
կոտրտուքի
պէս
փայլուն
ու
պճլտացող
սեւութիւննին
պահելով
հանդերձ`
առջի
աչքերը
չէին,
միշտ
խօլ
խնդուքով
մը
լեցուն
աչքերը,
այլ
յանցաւորի
խոնարհ
ու
երկիւղաբեկ
անձկութիւնը
կը
մատնէին:
Առաջին
զգացումս
վերլուծելով`
խորունկ
գոհունակութեամբ
մը
կը
լեցուի
սիրտս:
Վախցեր
էի,
որ
ատենով,
դիւրախաբ
պատանիի
անփորձութեանս
մէջ,
անշնորհք
էակի
մը
սիրտ
տուած
ըլլամ.
ինչ
որ
պիտի
ամչցնէր
զիս
այսօր,
որ
ճաշակիս
ու
ընտրութեանս
ազնուութեանը
կը
վստահիմ:
Մէկ
նայուածքով
կը
համոզուիմ
որ
այս
վախը
անտեղի
է
բոլորովին.
թէ
որ
այս
վայրկեանին
առջի
անգամ
ըլլալով
հանդիպած
ըլլայի
իրեն,
կ՚զգամ
որ
հիմա
ալ
բոլորանուէր
պաշտումով
մը
պիտի
պաշտէի
զինքը:
Միակ
վախը
որ
կայ`
այն
է
որ
ինքը
արժանի
չգտնէ
զիս
իր
սիրոյն.
ժամանակէն
առաջ
ճերմկցող
մազերէս`
հոգերով
ու
մտմտուքով
բեռնաւորուած
ճակտէս`
չճանչնայ
այն
պատանի
ու
ամբարտաւան
գլուխը
զոր
ծունկին
վրայ
հանգչեցնելը
կը
սիրէր
ատեն
մը:
Ու
կը
խորհիմ
որ
անտրտունջ,
գրեթէ
ժպտելով
բաժնուեր
էր
ինէ
մինչեւ
վերջին
վայրկեանը
անուշբերնելով
զիս,
իր
սովորական
գգուող,
փայփայիչ
անուններէն
եւ
ոչ
մէկը
զլանալով
ինծի,
«հոգի՜ս»ներ,
«կեանքս»ներ
որոնցմով
օրօրեր,
վարժեցուցեր
էր
զիս
եւ
ուրկէ
վերջին
պահուն
զիս
զրկել
չուզեց
բնաւ,
այն
բժշկին
պէս
որ
մօտալուտ
վախճանին
գիտակցութեամբը
ամեն
ուզածը
կը
շնորհէ
հիւանդին:
Մինչեւ
վերջին
օրերը
իր
կատակասէր
ու
զուարթ
բնաւորութիւնը
պահեց.
սաչափը
միտքս
է
սակայն
որ
երբեմն
հանդիսաւոր
ձեւ
մը
կ՚առնէր.
իրիկունները`
իրարմէ
բաժնուելնուս`
ձեռքը,
որ
իր
գիծերուն
անուշ
նրբութեամբը
գլուխ-գործոց
մըն
էր,
ինծի
երկնցուցած
պահուն,
երդումի
մը
համար
կարկառուած
կը
թուէր`
երդում
զոր
շրթունքը
չէին
արտասաներ,
այլ
իր
աչքերը
կը
զուրցէին
ինծի
իրենց
մռայլամած
երկինքի
ստուերներովը:
Երբեմն
պզտիկ
ակնարկութիւններ
կ՚ընէր
մեր
հաւանական
բաժանումին.
—
Ինծի
նայէ,
Գրիգորս,
կ՚ըսէր
ինծի,
ամեն
բան
աշխարհիս
մէջ
հանգիստի,
արձակուրդի
պէտք
ունի.
ծաղիկները
իրենց
փթթումովը
կը
յոգնին
ու
յաջորդ
տարին
կը
ծլին
մէյ
մըն
ալ:
Սէրն
ալ
իր
վաքանսը
ի՞նչու
չունենայ.
չա՛ր
զաւակս,
մի՛
վախնար
որ
քու
յարափոփոխ
խառնուածքդ
մեղադրեմ.
քու
սիրոյդ
սպառումը
իր
ուժգնութենէն,
չափազանց
վատնումէն
կուգայ.
թէ
որ
սա
մեր
միասին
անցուցած
երկու
տարուան
մէջ
շատ
չսիրէիր
զիս`
չպիտի
պաղէիր
հիմա
ինէ.
քու
արդարացումդ
նոյն
իսկ
յանցանքիդ
մէջն
է.
այն
բանը
զոր
ուրիշ
կին
մը
իրեն
պզտիկութիւն
պիտի
սեպէր,
ես
ինծի
պարծանք
կը
համարիմ.
հիմա
ինէ
փախչիլ
ուզելդ`
զիս
շատ
սիրած
ըլլալուդ
ապացոյցն
է:
Ներսէս`
բոլոր
սրտովս
իրաւունք
տալով
իրեն`
դիւրաշուրթն
կեղծաւորութեամբ
կը
բողոքէի
այս
խօսքերուն
դէմ.
—
Խե՞նթ
ես,
Մաքրիկ,
կրնա՞մ
քենէ
անցնիլ:
Երկու
օր
վերջը,
ուշադիր
նայելով
աչքիս
մէջը,
հոգիիս
խորը
կարդալու
ջանքով
մը,
երբոր
ես
իր
քովը
ծունկ
չոքած
իր
փայփայանքներուն
անձնատուր
կեցե՜ր
էի,
կը
հարցնէր.
—
Ի՞նչ
կ՚ընես,
հոգի՛ս,
թէ
որ
գալ
շաբթու
յանկարծ
ելլեմ
մէկու
մը
հետ
կարգուիմ:
Ես,
կեղծ
վրդովումով
մը,
զոր
խորամանկութիւն
կը
կարծէի,
կը
պատասխանէի
իրեն.
—
Դուն
ատանկ
բան
չես
ըներ:
—
Շատ
աղէկ
ալ
կ՚ընեմ,
գիտեմ
որ
ատով
իմ
սիրոյս
բոլոր
խոնջէնքէն
կը
փրկեմ
քեզ,
գիտեմ
որ
մոմ
կը
վառես
եկեղեցին`
իմ
ամուսնանալս
իմանալուդ,
չէ՞.
մանաւանդ
որ
թէ
որ
ամուսնանամ
ալ,
դարձեալ
պիտի
սիրեմ
քեզ,
հիմակուց
գիտցած
ըլլաս:
Եւ
վախնալով,
որ
բոլորովին
չհաւատամ
իր
ըսածին,
մէկդի
ընելով
իր
լուրջ
ձեւերը,
սինէմաթօկրաֆի
պատկեր
մը
փոխելու
պէս
փոխելով
իսկոյն
տեսարանը,
քահքահով
կը
խնդար
վրաս,
ու
ապտակելով
երեսս`
—
Չէ՛,
անառակ
մա՛նչս,
դող
մ՚ելլեր,
էն
հարուստ
վաճառականն
ալ
թէ
որ
զիս
ուզելու
ելլէ,
նորէն
չեմ
առներ
զինքը: