Շաբաթ
մը
վերջը
իր
ամուսնութեան
լուրը
առի։
Տունը
մնացած,
ստակի
տէր,
անհրապոյր
աղջիկ
մը՝
երիտասարդ
էրիկ
մը
փնտռելու
ելեր
էր,
ու
Յակոբիկը
համոզեր
էին
որ
այս
պաշտօնը
ստանձնէ։
Առանց
ընդդիմութեան,
առանց
խորհրդածելու
հետեւեր
էր
իրեն
տրուած
խրատին,
հիւանդի
մը
պէս
որ
ամեն
կամք
կորսնցուցած՝
յանձն
կ՚առնէ
ամենէն
դառնահամ
դեղը
խմել։
Ու
օրին
մէկը
տուն-փեսայ
գացեր
էր
Բանկալթի,
փայտաշէն,
հին
օրերէ
մնացած
տուն
մը,
Պետրոսեաններուն
տունը,
առանց
աղէկ
մը
գիտնալու
թէ
ի՛նչ
ընելու
համար։
Կարգի
կանոնի
մարդիկ
էին
հոն
եղողները,
հարսին
հօրմէն
մօրմէն
սկսելով
մինչեւ
տան
ծառաները.
առտուն
երեքին՝
սեղանատունը
նախաճաշ.
վեցին՝
ցերեկուան
ճաշը.
իրիկուան
դէմ՝
աներհայր
ու
զոքանչ
հինգ
բառթի
պէզիկ
իրարու
հետ.
իր
կինը՝
դէմը
անկիւն
մը
նստած,
դրացի
տուներուն
մէջ
պատահած
եղելութիւնները
մանրամասն
պատմելով։
Ամենուն
դէմքին
վրայ
լուրջ
ու
հանդիսաւոր
բան
մը
կար
որուն
մէջ
նոր
փեսան
իր
անառակ
տղու
անցեալին
դէմ
լուռ
կշտամբանք
մը
կը
կարդար։
Իսկ
կիրակի
օրերը
եկեղեցի
պիտի
երթային
անխափան։
Յակոբիկ
ընդդիմութիւն
չըրաւ
այս
ամենուն,
այնքան
նոր,
այնքան
անհնարին,
այնքան
անիմաստ
էր
իրեն
այս
ամենը։
Իր
կինը,
զուրկ
ամեն
պչրանքէ,
կարծես
քրիստոնէական
պարտականութիւն
մը
կատարելու
համար
կը
մօտենար
իրեն
ու
պարզապէս
զզուանք
կ՚ազդէր
անոր։
Իրենց
յարաբերութիւնները
անհրաժեշտէն
անդին
չանցան։
Ամեն
անհատականութիւն
կորսնցուցած՝
Յակոբիկ
ինքզինքը
վերստին
գտնելու
ջանք
մը
չըրաւ,
գիշեր
մը
մինակ
դուրս
ելլել
մտքէն
անգամ
չանցուց։
Աշխարհի
առջեւ
սակայն՝
Յակոբիկ
նոր
բաղդի
մը
տիրացած
էր
Պետրոսեաններուն
փեսայ
ըլլալովը.
բարեւները
սկսեր
էին
նորէն
տրուիլ։
Աները
ըրաւ
չըրաւ
գործի
դրաւ
զինքը
իր
կնոջ
ազգականներէն
մէկուն
քով,
որուն
կալուածներուն
հասոյթը
պիտի
հաւաքէր
ու
վարձու
պայմանագիրները
պիտի
նորոգէր.
բաւական
ատեն
կանոնաւոր
ու
գոհացուցիչ
կերպով
վարեց
իր
նոր
փեսի
ու
գործակատարի
դերը։
Եկեղեցի
յաճախելը
տեսնելով՝
քանի
մը
հոգի
առաջարկեցին
Յակոբիկը
թաղական
ընել։
Խելքը
գլուխը
եկաւ,
կ՚ըսէին
շատերը։
Հանգստութիւնը
ու
երջանկութիւնը
հիմա
գտաւ,
ըսին
ամեն
տեղ։
Աներհօրը
հարստութիւնը
ուշ
կամ
կանուխ
իրն
էր
եւ
իրազեկ
անձեր
տասը
հազար
ոսկիի
մօտ
կը
հաշուէին
այդ
հարստութիւնը։
Նախանձողներ
ունեցաւ։
Թաքսիմ,
Պարտէզին
մօտ
բռնեցի
զինքը։
—
Ի՞նչ
ըրիր,
Յակոբիկ։
—
Ինչ
որ
ըսեր
էի
քեզի
արդէն,
մեռայ։
—
Ի՜նչ
կատակասէր
մարդ
ես։
Տրտում
ժպիտ
մը
գծագրուեցաւ
ու
անհետացաւ
իսկոյն
երեսին
վրայ։
—
Ճաշի
ատեն
է,
պատասխանեց
ինծի,
պէտք
է
որ
տունը
ըլլամ։
Հեռացաւ
փութկոտ
քայլերով,
առանց
զիս
ողջունելու։