Այս
կինը
ահա
կը
սիրէր
երկու
տարիէ
ի
վեր,
անոր
համար
որ
անկէ
չէր
կրցած
սիրուիլ.
իր
երազը
կ՚իրագործուէր
ու
երջանիկ
էր.
ճիշդ
իր
ուզած
անգութ
ու
գեղեցիկ
կինն
էր
դէմինը:
Հիմա
առանց
քաշուելու,
երկու
տարիէ
ի
վեր
հաստատուած
համարձակութեամբ
մը
կ՚ըսէր
անոր.
—
Անկեղծապէս
շնորհակալ
եմ
զիս
չսիրելուդ.
եթէ
սիրէիր`
շատոնց
քեզ
ձգած
փախած
էի.
բայց
տես,
որ
այդ
սիրուն
ու
խոժոռ
դէմքդ
պահելով
կապեցիր
զիս:
Ու
կինը
կը
պատասխանէր
ծանրութեամբ,
առանց
երեսը
նայելու,
անթարթ
ակնարկով
մը
դիտելով
վառարանին
դռնակէն
ցոլացող
կարմիր
բոցը.
—
Շատ
կը
վախնամ,
որ
մինչեւ
վերջը
այդպէս
կապուած
մնաս:
—
Ուրեմն
երբեք
զիս
չպի՞տի
սիրես:
—
Բնա՛ւ:
—
Ոչ
իսկ
պզտիկ
համբո՞յր
մը:
—
Մատիս
ծայրէն
անգամ
չեմ
տար:
Յետոյ
խօսակցութիւնը
կը
փոխուէր.
երբեմն
պէզիկ
կը
խաղային
կամ
ընթերցում
մը
կ՚ընէր
Արշակ,
որովհետեւ
այս
կինը
աղուոր
ընթերցումները
կը
սիրէր,
ու
աչքը
գոց,
բոլորովին
ընկողմանած
իր
աթոռին
խորը,
անուշ
երազի
մը
մէջ
կորսուածի
պէս
կ՚ունկնդրէր
անոր
ժամերով:
Կէս
գիշերին
կը
մեկնէր,
տխուր
ու
երջանիկ
միանգամայն
այս
սիրով
որ
ստուերի
մը
պէս
անշօշափելի
էր:
Այս
էր
երիտասարդին
բոլոր
կեանքը.
անկէ
զատ
ո
եւ
է
կին
չէր
զբաղեցուցած
զինքը,
ու
պարահանդէսին
մէջ
պտըտած
պահուն
դեռ
այդ
կնոջ
պատկերովը
լեցուած
էր
սիրտը,
երբ
վարդէ
տօմինօն,
առանց
իր
յօժարութիւնը
առնելու,
թեւը
կը
մտնէր
ու
տիրաբար
կը
քաշէր
կը
տանէր
զինքը
ուզած
կողմը: