Ծոծրակին
վրայ
վազվզող
ոսկի
ճառագայթներէն
աւելի,
որոնք
կրակի
մէջ
ինկող
պզտիկ
օձերու
պէս՝
գալարումներ,
կծկումներ
ունէին,
մատղաշ
ու
արքենի
հասակէն
աւելի,
որ
քալուածքին
մէջ՝
զեփիւռէն
օրօրուող
ոստի
մը
նազանքը
կ՚առնէր,
իր
վճիտ
ու
յստակ
աչքերուն
համար
պաշտեցի
զինքը։
Կանացի
աչքը,
անոր
մէջ
խորունկ
նայողին
համար,
վիհի
մը
վրայ
բացուող
լուսամուտի
մը
տպաւորութիւնը
կ՚ընէ
միշտ,
եւ
այնքա՜ն
անստուգութիւններ,
յեղակարծ
անակնկալներ
կ՚ընդնշմարուին
հոն,
որ
աննենգ
եւ
անխարդախ
բանը
զոր
կը
տեսնէի
դէմիս
աչքերուն
մէջ՝
զիս
կը
յափշտակէր։
Բացարձակ
ու
անգիտակից
Անկեղծութիւնը
ունէի
դիմացս,
որ
կարծես
թէ
ակամայ
ըլլալուն
համար
արժանիք
մը
ըլլալէ
կը
դադրէր։
Ծովեր
կան
որոնք
թաքուն
ցասումներ
ու
հրճուանքներ
ունին
միշտ
իրենց
կուրծքին
մէջ
զսպուած.
անոր
համար
է
որ
անոնց
շափիւղեայ
ճակտին
պայծառութիւնը
վայրկեանէ
վայրկեան
հազար
գոյներով
կրնայ
գունաւորուիլ.
իրենց
յարափոփոխ
ու
հեղուկ
կեանքին
ճակատագիրն
է
աս։
Անդին
ալ
բիւրեղէ
կաթիլներ
կան
որոնք
իրենց
մաքուր
ցոլացումը
կորսնցնելու
կարող
չեն,
եթէ
ուզեն
իսկ,
եւ
իրենց
հաւատարիմ
անշարժութեամբը
քարացած
կը
թուին։
Աննիկիս
սիրտը
այս
ադամանդներէն
էր։