Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տօքթօր Վահանեան սովորական բժիշկ մը չէ. մարմնի հիւանդութիւններուն չափ ու, թերեւս անոնցմէ աւելի, հոգիի ցաւերուն հետամուտ, հետաքրքիր բժիշկն է անիկա: Իր ըմբռնումին ու դատողութեան չափ՝ իր ներողութեան սահմանը ընդարձակ է: Գիտութեան ֆօռմիւլներուն, կամ իր արհեստին մեքենական կիրառումին մէջ տափակցած ու չքացած միտք մը չէ:

Իր հմտութեան մեծութիւնը՝ չոր ու ցամաք ապառաժի զանգուածին չի նմանիր բնաւ, այլ դալար դաշտավայրի մը ծիծղուն երեւոյթը ունի:

Վաթսունի մօտ, մազը մօրուքը ճերմկած, տկարակազմ բայց զուարթախոհ մէկն է Տօքթօրը:

Մահուան դէմ՝ իր քառասուն տարուան բժիշկի մղած պայքարովը, մտերմութիւն մը հաստատած է կարծես անոր հետ. անոր ամեն դաւերը ու խաղերը գիտէ. անոր զարհուրելի, երբեմն յանկարծահաս ու երբեմն յամեցող հարուածներուն բոլոր գաղտնիքները ուսումնասիրած է:

Իր խօսակցութիւնը օգտաւէտ դասերով, ուղիղ դիտողութիւններով ու իմաստուն խորհրդածութիւններով կը վխտայ: Անձնական փորձառութենէն ու յիշատակներէն ընդելուզուած պատմութիւնները հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՚ըլլուին:

Գատըգիւղի իր տանը մէջ իրիկուն մը ժողվուեր էինք, եւ մարդոց համար ամենէն հետաքրքրական հարցումը մէջտեղ նետուեցաւ յանկարծ: Ո՞րն էր հազար տեսակ մահերուն ամենէն քաղցրը, բժշկական ու հոգեբանական կրկին տեսակէտով:

Յայտնուած կարծիքներուն մէջ համաձայնութիւն չկար. առողջ ու կայտառ աղջիկ մը, որ Ռաֆայէլ կարդացեր էր եւ դալուկ ու նիհար կազմուածքի մը կը տենչար, թոքախտի հիւծումն է, ըսաւ, էն գեղեցիկ մահը. երիտասարդի մը կարծիքին նայելով՝ ռէվօլվէրի գնտակն էր ուղեղին մէջ. ուրիշ մը՝ ծովահեղձ ըլլալը ամենէն քիչ տանջանք տուող վախճան մը ըլլալուն վրայ պնդեց. քլօրօֆօրմը երկու կուսակից գտաւ:

Բնութեան ու գիտութեան հնարած բոլոր միջոցները զատ զատ քննուեցան ու քննադատուեցան. ամենքն ալ իրենց աղէկ ու գէշ կողմերը ունէին:

Տօքթօրը ինքը, մտիկ կ՚ընէր ամենուս, առանց բառ մը արտասանելու. վէճը կ՚երկարէր ու համաձայնութեան մը գալէ հեռու էինք:

Ես, ըսաւ Տօքթօրը, խօսքերնիս կտրելով, ամենէն քաղցր մահը տեսայ, բայց չեմ կրնար պնդել որ ամեն անգամ մարդս կրնայ զայն իր ձեռքին տակ ունենալ. մէկ հատիկ մահն էր ասիկա զոր, իմ տեսած հազարաւորներուս մէջէն, ոչ միայն ամենէն հեշտն էր կրնամ ըսել, այլ իրօք քաղցրն ու երջանիկն էր:

Պատմութիւն մը ունէր լեզուին ծայրը. խելօք կեցած տղոց պէս մտիկ ըրինք զինքը: