Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տասներկու տարուան անջրպետ մը:

Ամենայիմար սիրոյ մը ամենառամիկ վախճանին վրայէն անցած տարիներ:

Զատուիլ մը առանց կռուի, առանց վէճի, առանց իրարու երեսի նետուած ծանր խօսքերու, թունաւոր նետերու նման զորս հեռացած փախած միջոցիդ կ՚արձակես թշնամիին դէմ եւ որոնք անմիջական մահ մը չեն տար դիմացինին, այլ մեղմ, գրեթէ չնչին խայթուածք մը, ասեղին ծայրը դպելու պէս բան մը, որ սակայն ժամանակով` տարիներու ընթացքին մէջ` յամրաբար իր դառնութիւնը, իր ցաւը կը ծաւալէ բոլոր մարմնին վրայ, ու անոր մնացորդ կեանքը, նոյն իսկ էն անուշ անցեալը, մանաւանդ թէ այդ անցեալը կը ժահրոտէ մշտնջենական թունաւորումով մը, եւ հին սէրը ատելութեան կը փոխէ:

Ո՛չ, մերինը այդ անջատումներէն չեղաւ:

Իր ընդոծին հպարտութիւնը եւ կնոջական բնազդը, որ քիչ անգամ կը սխալի, գուշակել տուած էին իրեն` պարապը որ հետզհետէ կը շինուէր, կը մեծնար, կը խորունկնար մեր սրտերուն մէջ. խոնջէնքը որ կը ծանրանար վրաս, ափսո՜ս, խոնջէնքը իր գգուանքին որ, կ՚ամչնամ ըսելու, իմ փոփոխամիտ երիտասարդի խառնուածքիս վրայ` պատատուկ բոյսի մը հազիւ թէ զգալի փաթթուածքովը` շղթայի մը ծանրութիւնը կ՚առնէր:

Եւ առանց սպասելու որ սնոտի կամ շինծու բարուրանքներով ձեւացած հրաժեշտը իմ կողմէս գայ, ինքը քաշուեր հեռացեր էր, ձանձրութիւն տալ չսիրող մտերմի փափկանկատութեամբ, որ իր դէմինը պարտաւոր կը թողու անոր համար, որ «զիս մինակ ձգէ» ըսելու ծանր հարկէն կ՚ազատէ զինքը. որ համբոյրներով օծուած ուխտերը, արցունքներով նուիրագործուած առաջադրութիւնները, երդումներով տեւականութիւնը երաշխաւորուած սէր մը դրժած ըլլալուդ ամօթը բացայայտ կերպով չի ծանրացներ վրադ: Աւելին կ՚ընէ. ինքը կ՚ստանձնէ այդ մեղքը, առաջինը` ինքը քեզ թողած ըլլալու երեւոյթը առնելով:

Ու այնպէս է Խղճմտանքը, անողոքելի ու անկաշառ Խղճմտանքը մարդուս, որ ան ալ` մարդոց պէս` ի հարկին երեւութական ու արտաքին ճշմարտութեամբը կը բաւականանայ: Ան որ հանգիստ ու դադար չպիտի տար քեզի եթէ դուն նախ լքէիր սիրած աղջիկդ, հիմա անոր անձնուիրութիւնը չհասկնալ ձեւացնելով` անմեղ կը հռչակէ քեզ ու սրտիդ անդորրութիւնը կը վերադարձնէ քեզի:

Ինքնախաբութիւնն է այս, առանց որուն ապրիլը անհնար պիտի ըլլար գուցէ:

Այս ազատագրութեամբ երջանիկ եղեր էի սկիզբները` տարիքիս եսասէր անփորձութեանը մէջ. վերջէն ինքզինքիս վերադարձիս՝ մինակ մնալուս` իր բոլոր անձնուիրութիւնը խոստովաներ ու վայելեր էի ուշ մնացող շնորհակալութեամբ մը եւ կարծես յետադարձ սիրոյ վերսկսումով մը:

Այս էր անցեալը:

 

Ու յանկարծ դէմ առ դէմ գտնուելնիս կիրակի առտու մը Ալէմտաղիի փոքրիկ եկեղեցիին մէջ. անակնկալ ու բիրտ հանդիպումը, որ ո՛ եւ է կանխապատրաստութեամբ չէ մեղմացած, որուն մէջ երկու կողմն ալ պատշաճ կեցուածք մը առնելու եւ իրենց հոգիին խռովքը գոնէ սքօղելու ժամանակ եւ միջոց չունին. այնպէս որ այն երկար տարիներու անջրպետը, որ մեզ զատած էր, ջնջուելով բոլորովին, մեր բաժնուելուն ճիշդ յաջորդ օրուան կը վերադարձնէ մեզ:

Տպաւորութիւնս այնքան սաստիկ է, որ իր կարգուած ըլլալուն եւ քովը կեցող մարդուն, հաւանականաբար, իր էրիկը ըլլալուն տարտամ գիտակցութիւնը միայն կ՚արգիլէ զիս իր քովը փութալ վազելէ: