Իցիւ
թէ
չխօսէր:
—
Ոչ,
ըսաւ
աղջիկը,
—
մի՛
ըսէք
որ
կը
սիրէք
զիս,
անխառն
ուրախութիւն
մը
ձգեցէք
ինծի.
կը
խոստովանիմ,
որ
յիմար,
անկարելի
բան
մըն
է
այն
երազը,
որ
ձեր
շնորհիւը
զիս
երջանիկ
ըրաւ.
բայց
մի՛
աւրէք
զայն:
Ու
տեսնելով
որ
երիտասարդը
կ՚ընդմիջէր
զինքը.
—
Ճօկօն
էք
դուք,
Ճօկօն
մնացէք
ինծի
համար.
ի՞նչ
կ՚ելլէ
ատկէ.
ձեր
ծնողքին,
ձեր
սիրածներուն
համար
Սարգիսն
էք
միշտ.
չի՞
բաւեր
ձեզի.
բայց,
ինծի
համար,
գոհացէք
պաշտուելով.
ու
պաշտելու
մի՛
ելլէք
երբեք.
ապա
թէ
ոչ
ամեն
բան
պիտի
վերջանայ
մեր
մէջ:
Իմ
աչքիս`
անգիտակից
ներկայացուցիչ
մըն
էք
սիրոյ
մը
զոր
շատոնց
կորսնցուցած
եմ
աշխարհիս
վրայ:
Ձայներնիդ,
նայուածքնիդ,
քալուածքնիդ,
ամեն
բան
իմ
կորսնցուցած
անձս
կը
յիշեցնէ
ինծի:
Առջի
վայրկեանէն
որ
տեսայ
ձեզ,
չկրցայ
ինքզինքս
բռնել.
առանց
դարձուածքի
ըսի
որ
կը
սիրեմ
ձեզի:
Դուք
կուռք
մըն
էք
որ
պաշտելի
գաղափար
մը
կը
պատկերացնէք.
ու
երբոր
կենդանութեան
նշան
տաք,
վար
պիտի
իյնաք
ձեր
պատուանդանէն.
անմիտները
միայն
կը
կարծեն
որ
մարդիկ
կուռքերուն
նիւթը
պաշտած
են
ատենով.
ես
ալ
ձեր
անձին
մէջ`
անհաւատալի
սեպուելու
չափ
մեծ
նմանութիւն
մը,
յիշատակ
մը
կը
պաշտեմ.
այդ
պատրանքը
չպիտի
մնայ
թէ
որ
զիս
սիրելու
ըլլաք:
«Քերականութիւն
կարդացեր
էք,
այնպէս
չէ՞.
գիտէ՞ք
ինչ
է
անդէմ
բայ
մը.
ճիշդ
այդ
բայն
էք
դուք.
Ճօկօ
ըսի
ձեզի.
այսինքն
մարդու
մը
անունը
տուի,
որ
երբեք
չսիրեց
զիս,
որուն
սակայն
ես
որոշած
եմ
հաւատարիմ
մնալ»:
Գլխու
շարժումով
մը
կը
հաստատէր
իր
անդրդուելի
կամքը: