Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մտերիմ բարեկամս է ան հիմա. ութ օրուան մէջ հաստատուած մտերմութեամբ:

Այս բարեկամութիւնը ստանալու համար` իր ունայնամիտ ու ինքզինքին հաւնած մարդու տկարութիւններէն օգուտ քաղեցի:

Խօսելու ձեւերէս, որոնց մէջ մասնաւոր մեծարանք կը դնեմ իր անձին յատուկ, ախորժած կը թուի. կ՚զգայ այն զանազանութիւնը, որ կայ «հրամանքնիդ»ին` զոր խօսքս իրեն ուղղած ատենս կը գործածեմ եւ պարզ «դուն»ին մէջ զոր շուրջս տեսած ուրիշ մարդոց անխտիր կը բաշխեմ, ով որ ալ ըլլայ այդ ուրիշը:

Մօտս գալուն` չեմ մոռնար իսկոյն ոտքի ելլելու ու միշտ մեծ ուշադրութեամբ, քիչ մըն ալ հիացումով կ՚ունկնդրեմ իր խօսքերուն որոնք դրական մարդու խօսքեր են եւ որոնց մէջէն ընտրանօք զատուած մասերուն, ինքզինքս զսպելու անկարող` ծափահարելու պէս բաներ մը կ՚ընեմ:

Իր կնոջ դէմ` որուն ներկայացուց զիս` ուղիղ գիծերէ ձեւացած բարեկրթութենէ ուրիշ ընթացք մը չունիմ. մարդուն ծեր տարփաւորի նախանձոտութիւնը կ՚զգամ եւ անոր համեմատ կը վարուիմ. զգոյշ կը կենամ ամեն բանէ, որ այս բարակցած Կեսարացիին կրնայ shocking [1] թուիլ. ի՜նչ հեգնութիւն:

Մաքրիկ անգլիացի կնկան հով մը առած է. թերխաշ հայերէն ու անգլիերէն բառերով խառնուած լեզուն իր խօսակցութեանը մասնաւոր հրապոյր մը կուտայ: Իր ծոյլ ու դանդաղ քալուածքովը, երաժշտութեան պէս եղանակաւոր բան մը, կեանքէ վաստակաբեկ ու անտարբեր դարձած կնոջ երեւոյթը ունի:

Էրկանը բոլոր համակրութիւնը հետզհետէ գրաւած կ՚երեւամ. հինգ վայրկեան չի հեռանար քովէս, առանց ինծի չըլլար ու անվհատ` ժամերով մանրամասն կը պատմէ ինծի իր վաճառականի կեանքը այն մեծ քօլբօները որոնք զինքը հարստացուցած են եւ որոնց մէջ ես ներսէս` գողութենէ զատ բան մը չեմ գտներ: Ակներեւ ջանք մը ունի հաստատելու իր հեռատեսութիւնը, coup d՚oeilը [2], օրինակներով, մանր մունր դէպքերով, որոնց շատին, բերնի վարժութեամբ մը, շարունակ իր կինը վկայ կը բռնէ, ըսելով.

Չըսե՞ս, Մաքրիկ:

Յետոյ, իր ամուսնութեան պատմութիւնն ալ կ՚ընէ ինծի:

Առտուները կանուխ կուգայ զիս պանդոկէս վերցնելու. մէկտեղ կ՚ելլենք պզտիկ պտոյտի մը համար դէպի գիւղին արեւելքը տարածուող բացավայրը. յետոյ գիւղին մէջ պտոյտ մը եւ Աեանին խահուէին մէջ երկու բառթի նարտ. ցերեկին կը բաժնուինք իրարմէ, երկու ժամ ետքը նորէն իրար գտնելու ու Էլամլը կան Դաշտելէն երթալու համար: Այս վերջին պտոյտին Մաքրիկ մէկտեղ է. մէկտեղ են նաեւ գրեթէ բոլոր գիւղը եղող ընտանիքները:

Կովի կառքերու անհատնում շարքն է, որ կը ձեւանայ իսկոյն: Կարմիր ու պարարտ հողին մէջ սայլերուն անիւները կը թաւալին փորելով իրենց խորունկ ակօսը, հողին ճակտին վրայ ձգուած խորշոմի մը պէս: Ահա անտառին մէջն ենք եւ աչքդ առածին չափ կը շարունակուի ան, ամեն մութ բաներու պէս, իր սահմանին անստուգութեամբը, իր հսկայ ծառերուն անհատնում շարքովը, իր ստուերին խորհրդաւոր անդորրութիւնովը, իր գոյնզգոյն կանանչութեամբը որ երբեմն մինչեւ դեղինին կը մօտենայ եւ երբեմն գրեթէ սեւը կը շօշափէ, ամեն երանգները անկարգ կարգաւորութեամբ մը սփռելով:

Ձան ու ձուն չկայ հոս` անիւներուն կռնչող թաւալումէն զատ. յանկարծ սարեկի մը սուր երգը կը վրդովէ լռութիւնը ու այստեղ կեանքի գոյութիւնը կը հաստատէ:

Գետինը կակուղ է, փետուրներով շինուած բարձի մը պէս, չորցած տժգունած տերեւներու անկումով ձեւացած կակղութիւն, որոնք ամեն քայլափոխի կը խշրտան, չտեսնուող օձերու սողոսկումներու պէս:

Այս դարաւոր ծառերուն, որոնք իրենց երկնըմբերձիկ ուղղութիւնը անվթար կը պահեն առոյգ ծերունիներու պէս, բաղեղի փաթթուուքներ մինչեւ գագաթները կը հասնին յաւէրժական գիրկընդխառնումի մը մէջ, ու գորշ կեղեւնուն վրայ փակած մամուռները` թաւիշի կտորներու փայփայանքը կը ցանցնեն, հին զգեստի մը վրայ փակցուած թանկագին կերպասի տպաւորութիւնը ձգելով:

Այս է մեր ամենաւուր ճամբան, ուրկէ Մաքրիկին ու անոր ամուսնին հետ կ՚անցնինք:

Հոս հոն` ծերացած ինկած ծառերու բուներ, ոմանք տարիներու բեռան տակ փճացած ու ոմանք իրենց առուգութեանը մէջ օր մը կայծակէն զարնուած:

Գետնէն հազիւ թիզ մը բարձրութեամբ նիհար ձողուններով բոյսեր` լայն ու հորիզոնաձեւ տերեւներով, հողմահարի պէս բացուած, որոնք բոլոր այս տարածութեանը վրայ, դէպի երկինք բացուած անհամար ձեռքերու կը նմանին, ամբողջ մարդկութեան մը ձեռքերը, չեմ գիտեր ինչ սպասումի եւ ակնկալութեան դիրքի մէջ:

Մաքրիկ երկիւղած կը կենայ այս վեհաշուք ու պատկառելի տեսարանին առջեւ, մինչդեռ մարդը իր շահադէտ վաճառականի անհարկի հաշիւը մէջտեղ կը դնէ.

Գիտե՞ս որչափ խորանարդ մէթր ատաղձ կրնայ տալ այս անտառը, կ՚ըսէ ինծի, որչա՜փ թրավէրս երկաթուղիի, խորանարդ մէթրը տասը ֆրանքէն` գանձ մը ըսել է ասիկա, անանկ չէ՞, Մաքրիկ:

Մաքրիկ գլուխը կ՚երերցնէ, բայց նայուածքը հեռուն է, մոլորած անցեալին մէջ:



[1] Անյարմար, անվայել, սարսափելի (անգլ.

[2] Հայեացք, տեսակէտ (ֆր.