Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տէր Աբրահամ այն հազուագիւտ ծերունիներէն էր որոնք իրենց կենդանութենէն` մարդկային կապերը թօթափելով` կանխահաս մուտքով մը բարձրագոյն աշխարհի մը մէջ կը թեւակոխեն, ուրկէ կիրքերը ու ակնկալութիւնները վտարուած են ի սպառ: Տեսակ մը անդրիացում է ասիկա:

Մահուան մերձաւորութիւնը այս հրաշքը կը գործէ շատերու վրայ. հրաշք որ կեանքի վերադարձին իսկոյն կ՚աներեւութանայ:

Տէր Աբրահամ մեծ իմացականութիւն մը չունէր, բայց իր յիշողութիւնը կարծես նոր աւիւնով, եւ այն համեմատութեամբ որով իր միւս զգայարանքը տկարացեր էին, զօրացած կը թուէր` մարելու մօտ կանթեղի մը վերջին ցոլքին պէս:

Իր երիտասարդութիւնը ու պատանութիւնը լեցնող է՛ն կարեւոր եղելութիւններուն յստակ վերյուշումը ունէր, որ կարծես իր հիմակուան կեանքին պարապութիւնը մոռցնելու կը ծառայէր այս պահուն:

Նախ` իր համեստ դաստիարակի սկզբնաւորութիւնը, սկզբնաւորութիւն որ վերջ մըն է եղեր միանգամայն, վասն զի երբեք այդ համեստութենէն թիզ մը վեր չէր կրցած ելլել, հազիւ ձեռքը մինչեւ բերանը հասցնելով. նոյն իսկ հիմա, որ քսան տարուան աւագերէց մըն է ահաւասիկ:

Շատ լաւ կը յիշէր այն ատենի աղաները, ամիրաներ ամենքն ալ, մեծ մասը սարաֆներ, ոչ ուսեալ հարկաւ, ոչ ալ կրթեալ մինչեւ անգամ, որոնց դիմացը բէշը բէշին բերելու ստիպուած էր, ամեն վայրկեան: Բայց ատոր քով յատկութիւններ որոնք վճռապէս պատկառանք կ՚ազդէին եւ նժարը դէպի համակրութեան կողմը կ՚իջեցնէին:

Անոնցմէ մէկուն մանաւանդ` Սեղբոսեան Մկրտիչ աղային, որ ճիշդ այդ եկեղեցին կառուցած էր իր ծախքովը` դէմքը աչքին առջեւն էր, նիհար, բարձրահասակ, երերացող քալուածքով մարդ մը, որ սրտմտութեան մը վայրկեանին դպրոցէն վռնտեր էր զինքը:

Պետրոս Պատուելին, այս էր իր աշխարհականի անունը, տուն դարձեր էր այն իրիկուն, ամօթէն ու դողէն գունատած: Ի զուր իր հէք կինը, իր զաւակները միացեր էին մխիթարելու համար զինքը ու չզգացնելու աղէտին մեծութիւնը: Հազիւ ամիս մը կար աւագ օրերուն, ու հեռուէն գալուստը զատկական տօնին` հիմա այրացաւեր այս ընտանիքին վրայ ահաւոր ու սպառնացող խոցոտումի մը պէս կը թուէր իր աչքին, ու չքաւորութեան դատապարտուած իր գոյութեան բոլոր դառնութիւնները երեւան հանելու յատուկ դիտաւորութեամբ պատրաստուած փորձութիւն մը:

Յաջորդ օրը դպրոց չկար. պզտիկ լաճերու անտանելի խաժամուժը իր գլուխը չցաւցուց այլեւս, բայց աղմուկին վարժութիւնը ունէր ու զրկանք մը եղաւ ասիկա իրեն: Յետոյ ապրուստի ուրիշ միջոց մը գտնելէն յուսահատեցաւ:

Աւագ շաբթուն քանի մը բարեկամներ եկան գտան զինքը. իր վիճակը հարցուցին. մէկը` խորհուրդ մը յղացաւ. թէ որ պատուելին խոնարհ, շատ խոնարհ լեզուով մը խնդրագիր մը ուղղէր աղային, կամ ինքը անձամբ անոր տունը երթար գործած պակասութեանց ներում խնդրելու:

Իսկոյն համոզուեցաւ ասոր ու գիշերը լուսցուց գրելով. սրբագրեց ու աւրեց իր աղերսագիրը: Առտուն նորէն չհաւնեցաւ իր ոճին. ո՛չ, գթութիւն հրաւիրելու համար պէտք եղած բառերը գտած չէր. ու թէ որ մերժումի մը ենթարկուէ՜ր, երեւակայեցէք անգամ մը, փճացում` իրեն եւ իրեններուն. գրաւը` որ իր գրչին ծայրին կապուած էր` ապշեցուցիչ համեմատութիւններ կ՚առնէր:

Նուազ տենդոտ ժամուան մը յետաձգեց այս անիծած թուղթին գրութիւնը: Յանկարծ իրարանցում մը ելաւ տանը մէջ, կինը, տղաքը դուռը վազեր էին: Աղան ինքն էր որ սանդուխներէն վեր կ՚ելլէր իր սովորական ծանր ու երերացող քալուածքովը. պատուելին վազեց, դիմաւորեց. հաւտա՞ր թէ չհաւտար տեսածին. ի՞նչ դիտաւորութեամբ եկած էր: Աղան հարցնելու ատեն չթողուց, քաշեց համբուրեց ու ճակտին տարաւ հէք դաստիարակին վտիտ ու դողդոջուն ձեռքը.

Պատուելի՛, ներէ գործած յանցանքիս, ըսաւ մեղմ ձայնով. ասանկ բեռ մը սրտիս վրայ` ասանկ օրերու մէջ չուզեցի պահել, շատ կ՚աղաչեմ, որ ներես ինծի. որոշեցի որ ես քու ոտքդ գամ:

Պատուելին հազիւ կրցաւ ըսել.

Ես խոնարհ ծառանիդ եմ միշտ. պակասութիւնը իմս էր:

Այս ժամեն դպրոցը քուկդ է նորէն. գրագիրս քեզի հազար ղրուշ պիտի բերէ, որ զատկական ծախքերդ հոգաս. բայց կ՚աղաչեմ որ սրտիդ մէջ ինծի դէմ ոխ չպահես. հրաման տո՛ւր որ երթամ հաղորդուիմ:

Ո՜խ չպահել, հրամա՜ն տալ, ինքը որ պարզապէս աղային ոտքը ձեռքը համբուրելու անդիմադրելի փորձութիւնը ունէր միայն:

Երբոր Սեղբոսեան Մկրտիչ աղան մեռաւ, ինքը քահանայ ձեռնադրուած էր արդէն:

Շա՜տ ասանկ մանրավէպեր զորս կրկին եւ կրկին կը պատմէր յարմար առիթներու մէջ, իրեն յատուկ զուարթ ոճով մը: Գեղացիները բոլորն ալ գիտէին Մկրտիչ ամիրային պատուելիին մինչեւ ոտքը գալը եւ ձեռքը պագնելը: