Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Արմենիսան կը սիրէի ու երջանիկ կրօնափոխ մը եղայ։

«Կաթոլի՞կ էք» հարցումը անդիմադրելի ու աննահանջելի բան մը ունէր իր մէջը, զոր սիրահարի մը սիրտը միայն կ՚ըմբռնէ. առանց խղճահարութեան, առանց երկմտելու, այո՛ մը ըսելով կրօնքս գաղտնի պահեր էի, ինչպէս հարուստի մը քով չքաւորութիւնս պիտի ծածկէի։

Ի՜նչ դիւրաւ կ՚ըսուի «այո»ն. երկու վանկէ եւ երեք գիրէ կը բաղկանայ այս փոքրիկ բառը եւ բովանդակ տիեզերքին կէսը կը նշանակէ, վասն զի «այո»ն եւ «ոչ»ը բոլոր տիեզերքը կը ներկայացնեն։ Մէկ բառով ուրեմն անցեր էի Ռիւպիքոնէն եւ գոհ էի անցած ըլլալուս համար։ Ինչպէս որ գուշակեր էի, պարզ կաթոլիկուհի մը չէր, այլ Հայութեան ոխերիմ թշնամի մը. մեր ազգին պէս խեղճ ու ողորմելի զարմէ մը սերած ըլլալուն նախատինքը մեր ազգին դէմ անհաշտ ու վայրենի ատելութիւն մը առաջ բերեր էր իր մէջ. կաթոլիկութիւնը անո՛ր համար գոհացում տուած էր իր սրտին, որովհետեւ ատով՝ օտար կրօնքէ աւելի օտար ազգութեան մը կը պատկանէր ու Հայութեան աղտը միանգամ ընդմիշտ կը թօթափէր իր վրայէն։ Արմենիսա անոնցմէ էր որոնք ի՞նչ ազգէ ըլլալնուն հարցման անվեհեր կը պատասխանեն.

Կաթոլիկ եմ։

Բնաւ հայերէն բառ մը արտասանելը լսած չէի. Հասունիսթի եւ Անթիհասունիսթի կռուին տաքութեան մէջ, ծայրայեղ ու կատաղի Հասունիսթ մը եղած էր, անկատար Հայ մը ըլլալէն կատարեալ Լատին մը ըլլալը նախամեծար համարելով։

Բայց Հասունիսթէ աւելի կաթոլիկ եւ կաթոլիկէ աւելի պապական էր. Հռոմէականներու եկեղեցին այն ատեն միայն կ՚երթար երբ լատին եկեղեցի մը չգտնուէր. իր ընտանիքը Էնկիւրիէն Պրուսա եւ Պրուսայէն հոս հաստատուեր էին, միասին բերելով այս հաւատքը։

Իր համոզումները՝ գեղեցկութեանը պէս իշխող ու նուաճող էին. իր փաստերուն անձնատուր ըլլալը ճշմարիտ հաճոյք մը պիտի ըլլար ինծի, եթէ արդէն կաթոլիկ եղած չըլլայի իր աչքին։

Հիմա որ մոլեգին կը սիրէի զինքը, կեղծիքս ճշմարիտ ուրացումէ աւելի առաջ երթալ կ՚սպառնար. իր բոլոր կատաղութեանը համամիտ կը թուէի. անհաւատալի գաղափարներ ունէր աշխարհիս վրայ, զորս հերքելէ կ՚զգուշանայի. այդ փոքրիկ ու սիրեցեալ գլխուն մէջ՝ երկրիս ամենէն մեծ իշխանութիւնը Պապական զօրութիւնն էր։

Ու ես այս տգէտ, գեղանի, կրօնամոլ կնոջ դէմ երկչոտ ու միշտ պարտուած, սրտիս մէջ կ՚զգայի սակայն ազգիս ու կրօնքիս դէմ ուղղուած այս անիրաւ նախատինքները, զորս Արմենիսա մէկ գգուանքով, առանց գիտնալու, մոռցնել կուտար ինծի։

Այսպէս շարունակ յագեցած ու շարունակ անյագ իղձերէ տոչորուած, որ իմ յանցանքս ու արդարացումս է միանգամայն, սիրոյս ու խղճմտանքիս մէջ երերածուփ, սարսափով միտքս կը բերէի իմ յանդուգն ստախօսութիւնս եւ օր մը յանկարծ երեւան ելլելու հաւանականութիւնը։

Արմենիսայի սէրը՝ ատելութեանը պէս բուռն ու զայրացած բան մըն էր. այն սովորական կիներէն չէր որոնք մէկ անկումով բոլորովին կը նուաստանան։ Արմենիսա, ընդհակառակը, իր անկումով բարձրացեր էր։ Իր անփորձ օրերուն մէջ խաբէութեան մը զոհ գացած ըլլալով, իր տարիքէն աւելի լուրջ ու ծանրախոհ դէմք մը ունէր։

Պարզապէս պահծու կին մը ըլլալով հանդերձ, միշտ պատկառանք ազդած էր ամենուն։

Ինչպէ՞ս համակրեցաւ ինծի, չեմ գիտեր, բայց գիտեմ թէ իր ամենէն երջանիկ սիրահարը եղայ։

Երկինքը աւելի ջինջ ու կապոյտ երեւցաւ ինծի, ծովը աւելի հեզ ու իր ալիքը քաղցրամրմունջ ու խորհրդաւոր, ծաղիկները, ծառերը, լեռներն ու առանձնութիւնը սիրեցի, գիշերուան աստղերը մտերիմ ու բարեկամ եղան ինծի, բարեսիրտ ու հեզահամբոյր դարձայ, առաջին անգամը ըլլալով տիեզերքը իր վեհութեան մէջ դիտեցի, զմայլեցայ, ոտանաւորներ գրեցի. սիրահար էի։

Հրաշալի տեսիլ մըն էր կեանքը երբոր դիտուի այն վարագոյրին պատռուածքէն զոր պատանութիւն կ՚անուանեն։

Ասկէ վերջը ա՛լ չպիտի տեսնեմ ո՛չ այն երանութեան եւ ոչ այն խղճի տանջանքին օրերը։

Արմենիսա անսահման գորով մը ցոյց կուտար ինծի. իմ շփոթած ու երկչոտ դիրքս նախամեծար թուեցաւ իրեն՝ գործօն ու ձեռներէց մարդու մը համարձակութենէն. կիները այսպէս են. մայրական հոգածութիւն մը ունենալ կ՚ուզեն իրենց մտերիմներուն վրայ, հոգածութիւն՝ որ տեսակ մը իշխանութիւն կ՚ենթադրէ. ամօթխած ու դողդոջուն պատանի մը որ առաջին անգամը ըլլալով կնոջ մը ձեռքը կը սեղմէ, փորձ ու յանդուգն երիտասարդէ մը աւելի կը սիրուի։

Անկարելի բան մը պատահեցաւ մեզի. երկուքնիս փոխադարձապէս երջանիկ եղանք. անկարելի ըսի, որովհետեւ սիրոյ մէջ մէկուն երջանկութիւնը միւսին տառապանքէն կը բաղկանայ։

Ա՛լ իր յայտնի մտերիմ ընկերն էի. ամենքը զարմացան ու նախանձեցան վրաս. ի՞նչ կերպով յաջողեր էի այս բաղդը վայելելու. չգիտցան երբեք։

Ու այնուհետեւ միասին կ՚երթայինք պտըտիլ Կղզիին շուրջը եւ վայրի ելակ քաղել ճամբուն վրայ։ Վերջալոյսին, Մանասթըրի փոքրիկ անտառակին մէջ, հետաքրքիր ու չար ակնարկներէ հեռու, ձեռք ձեռքի մէջ, ծառի մը տակ կը նստէինք մինակ, բոլորովին մինակ Մարմարայի կապոյտ երեսին դէմ։ Գիշերները, Ահիլիան, մեր երիտասարդ նաւավարը, իր եռազոյգ թիով նաւակը պատրաստ կը պահէր մեզի համար, եւ լուսնին լուսով, ծովուն մեղմ ու հանդարտ ալիքներուն վրայէն կը թռցնէր մեզ Բրինքիբօի գաղտնապահ ու ամայի եզերքները։

Արմենիսա գեղեցիկ ձայն ունէր. իր երգերուն՝ ոչ ոք գիտէ տալ այն երկնային ու աննման շեշտը որ մարդուս հոգին հեշտութեամբ եւ աչքը արցունքով կը լեցնէ։ Սիրոյ ու դժբախտութեան վրայ կը դառնային միշտ իր երգերուն տուները։

Ինծի այնչափ համակրելուն դժկամակած կ՚երեւար։

Մենք իրարու համար չենք, կ՚ըսէր երբեմն՝ տրտմութեամբ գլուխը երերցնելով։

Բնաւ չհարցուց ո՞ւր տեղացի, որի՞ զաւակ ըլլալս. Կաթոլիկ էի, ու այս կը բաւէր իրեն. ես ալ հարեւանցի տեղեկութիւններ միայն ունէի իր վրայօք, որոնք աւելի ենթադրութիւններ էին քան ստուգութիւններ։

«Մատամ» կ՚ըսէի սկիզբները. երբ յարաբերութիւննիս աւելցաւ՝ Մառի կը կոչէի զինքը պարզապէս։ Օր մը ըսի իրեն թէ նախ Արմենիսա անունով ճանչցեր էի զինքը, եւ թէ այսպէս կը կոչէին միշտ բոլոր կղզեցիք։

Իր զայրոյթը չեմ կրնար բացատրել։

Ես Կաթոլիկ եմ, ըսաւ ցամաք կերպով։

Իր ծեր բարեկամը կուգար դարձեալ որոշեալ իրիկունները։ Ֆրանսացի դրամատէր մըն էր. տարիներէ ի վեր միասին գտնուած էին. հետզհետէ համոզուած էի որ իր հոմանին էր եւ ինքը կը հոգար անոր բոլոր շռայլութիւնները։ Քաշուելու մարդ չէր. հլու ու հնազանդ կ՚երեւար միշտ. այն ոսկեբարձ աւանակներէն մէկը որոնց ամեն կողմ կը հանդիպինք։

Շատ կ՚ուտէր ու քիչ կը խօսէր, շատ կը վճարէր ու քիչ կ՚ստանար, առանց մռլտալու. իր առաջին հաճոյքը Արմենիսան գոհացնելն էր. զաւակ ու ազգական չունենալով, ամեն բան զոհելու պատրաստ էր անոր համար. ամուսնանալ ուզած էր հետը, բայց նորատի կինը իր ազատութիւնը դիւրաւ չէր ծախած։

Սիրով ու միաբանութեամբ կը սահէր ուրեմն մեր կեանքը. Արմենիսա Լուսաւորչական ըլլալուս կասկածն անգամ չունէր. բայց ես՝ շիտակը՝ կը տառապէի իմ ակամայ հաւատուրացութեանս համար։ Հայերը իր գլխաւոր ծաղրանքի նիւթն էին. մեր լեզուն՝ զոր չէր հասկնար, մեր Եկեղեցին՝ ուր ոտք կոխած չէր հերետիկոս ըլլալու վախով, իր յարձակումներուն ենթակայ էին։ Կրցածիս չափ կը ջանայի իր սխալ ու յոռի դատողութիւնները ուղղել, առանց կասկած հրաւիրելու վրաս։

Իրաւ ալ ամենէն նուաստ արարածը եղած էի. խիղճս կ՚ըմբոստանար վերջապէս, ու ես առաջինն էի անկմանս բոլոր ամօթն ու բոլոր խորութիւնը ճանչնալու, բայց Արմենիսան կորսնցնելը՝ կեանքը կորսնցնելէն աւելի դժնդակ ու մահացու չէ՞ր։

Որքա՞ն պիտի տեւէր իմ սրբապիղծ խաբէութիւնս. ո եւ է դիպուած չպիտի՞ գար ճշմարտութիւնը երեւան հանելու. եւ ամեն վայրկեան՝ ձեռքէ հանելու ահուդողով՝ իմ երջանկութիւնս դառն ու պաշտելի տառապանք մը կ՚ըլլար միշտ։