Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սեւ կաշիէ մեծկակ պայուսակ մըն էր զոր առտու իրիկուն իր ձեռքը բռնած կ՚երթար փողոցներէն: Իր կեանքին անբաժան ընկերն էր այս տոկուն կաշիէ պարկը որով ամեն իրիկուն իր տան պիտոյքը, հացն ու միսը կը տանէր, կամ պտուղը իր երկու փոքրիկ զաւակներուն, որոնք դրան առջեւէն կը բոլորուէին խոստմնալից ու խոստմնապահ այս պայուսակին շուրջը:

Այս մարդուն բոլոր յոգնաջան վաստակը ու քրտնաթոր գործունէութիւնը անոր մէջն էր, դանայեան տակառ զոր կը լեցնէր շարունակ երեսուն տարիներէ ի վեր առանց յաջողելու: Իր կեանքի պայքարը հոն էր ամբողջ, ապրուստի խնդիր, օրական հացի խնդիր, որուն արհաւիրքովը լեցուն էր միշտ այդ կաշիէ պահարանը իր մշտնջենական պարապութեամբը. իր ուրախութիւնները ու ցաւերն ալ հոն էին, իր յիշատակներն ալ: Աղէկ օրեր ու գէշ օրեր ունէր այդ տոպրակը. տիրոջը պէս ճակատագիր մը յարափոփոխ, եւ անոր պէս հոգի մըն ալ ունէր կարծես: Ո՞վ էր տէրը այս երկուքին մէջ. երեսուն տարի վերջը, երբ ձախորդութիւնը իր երկաթի շրջապտոյտ օղակներով զինքը կը պաշարէր, այս մարդը կը հասկնար որ այդ անզգայ տոպրակը իր տէրը եղած էր միշտ: