Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ մարդ հացի մը ստակին կարօտը կը քաշէ կամ շոգենաւի մը ստակը չվճարելուն համար կեցած տեղը կը մնայ գամուած, անշարժ:

Յուսէփ աղան հիմա այս խնդիրները կը յարուցանէր մտքին մէջ, լուծելու կը ջանար, եւ փողոցին մէջ քալելով, իր դատարկ պայուսակը զգալով, շօշափելով մատներուն տակ, իր տունը փոխադրուած կ՚զգար ինքզինքը յանկարծ, իր սիրուն զաւակներուն քովիկը, եւ պահ մը վերացած՝ կը մոռնար ինքզինքը, իր աւուր հացի կարօտ մուրացկանի դիրքը, վայրկեան մը գոնէ, հարուստ ու ամենակարող ըլլալու համար. այդ փոքրիկ տունը կը ձգէր, աւելի ճոխ բնակութիւն մը տալու համար իր զաւակներուն. նոր զգեստներ, գլխարկներ անոնց, երիտասարդի բոլոր պահանջումներէն աւելի՛ն, շատ աւելին կուտար, ու հրճուանքնին տեսնելով կը բերկրէր: Ի՜նչ դիւրին ու ի՜նչ դժուար երջանկութիւն:

Եւ ձեռքին տակ՝ պայուսակը իր կաշիի կոպիտ ու ծակոտկէն երեսովը կը դողդղար, կ՚արթնցնէր զինքը, իրականութեան քով կը քաշէր կը բերէր, անօթի առնելիքուորի մը պէս:

Յետոյ վերջին հնարքները սկսան ապրուստի. մանր ու արհաւրալից բաներ. նորոգելու պատրուակով տունէն տարուած ու չնչին գինով վաճառուած կարասիներ. տնական պէտքերը հոգալու համար նորէ նոր՝ ամեն օր տարբեր խանութներու, ծախողներու դիմումներ. ապառիկ գնելու համար հաստատուած մտերմութիւններ, բարեկամութիւններ. յետոյ շոգենաւի տոմսակը ուրիշի ստակով առնելու համար ուրիշին քով սպասելներ. զուր ջանքեր բոլորն ալ՝ լեցնելու, ո՜հ, մասամբ գոնէ լեցնելու համար իր պահանջող պայուսակը զոր բռնած կը տանի դեռ, առանց պատճառը գիտնալու, առանց պէտքի, անգիտակից շարժումով: