Ինծի
թափած
սիրոյ
լեզուն
գեղջուկ,
գրեթէ
շինական
բան
մըն
էր։
—
Հոգի՛ս,
հոգիս
ու
կեանքս
ես
դուն,
հասկցա՞ր։
Մանուկներու
կցկտուր
ու
սահմանափակ
բարբառը
ունէր.
ո՛չ
նոր
պարբերութիւններ,
ո՛չ
չըսուած
բացատրութիւններ՝
իր
միակերպ,
միակտուր
սիրոյն
համար.
միեւնոյն
խօսքերը
որոնք
ինծի՝
տղայութեան
մէջ
սորվուած
երգի
մը
պէս՝
յանհունս
կրկնուելով
աւելի
քաղցր
կը
թուէին։
Բայց
այս
պարզութիւնը
զուրկ
չէր
կանացի
բնազդիկ
նրբութիւններէ։
Երբ
պատկերս
տալ
ուզեցի
իրեն՝
—
Ո՛չ,
ըսաւ
ինծի,
իմ
աչքերուս
չեմ
վստահիր
քեզ,
հոն
չես
դուն։
Եւ
հարուստ
ու
շքեղ
լանջքին
վրայ
դնելով
մատը,
—
Հո՛ս,
հոս,
սրտիս
մէջն
ես,
գաղտնի,
խորունկ,
անհարկի
աչքերէ
ծածուկ
տեղն
ես
դուն,
միս
մինակդ
ու
բոլորովին
իմս,
հասկցա՞ր։
Ուրիշ
ատեն՝
—
Գիտե՞ս,
կ՚ըսէր
ինծի,
որ
դրան
զանգակին
զարնուածքէն,
սանդուխին
վրայ
քալուածքէդ
կը
ճանչնամ
քեզ
եւ
ուրախութեան
սարսուռ
մը
կը
վազէ
ոտքէս
մինչեւ
գլուխս։
Իմ
պաշտումս
ալ
իրեն
համար
նոյնքան
բուռն
էր.
ես
ալ
զինքը՝
սրահին
մէջ
ձգած
անուշ
հոտէն,
շրջապատող
չնչին
նիւթերուն
ազգականութենէն
անմիջապէս
կը
գուշակէի։
—
Հոս
նստած
էիր
քիչ
մը
առաջ,
կ՚ըսէի
իրեն,
աթոռ
մը
ցոյց
տալով,
երբ
ներս
կը
մտնէի
սրահէն։
Ճշմարիտ
էր
ըսածս.
կ՚ուրախանար,
կը
ժպտէր,
կը
շառագունէր։
Եւ
ձեռքը
ձեռքիս
մէջ՝
երբոր
կ՚սթափէր
զինքը
համակող
անէացումի
հեշտանքէն,
ինծի
կ՚ուղղէր
տրտում
ու
անձկութեամբ
լեցուն
նայուածքը,
կարծես
պահանջելու
համար.
—
Խոստացի՛ր
որ
չպիտի
մոռնաս
զիս։