Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այդ կեանքը կը գուշակէր, կը տեսնէր, գրեթէ կը վայելէր կանխաւ, իր երեւակայութեանը մէջ։ Կանխահաս զարգացումով մը՝ իր աճապարող իմացականութիւնը իր շուրջի իրական մթնոլորտէն շուտով դուրս հաներ էր զինքը։ Ուսումնական աղջիկ մըն էր հիմա, լիովին իրագործելով փափաքները իր մօրը, Պոլսոյ մէջ երկար տարիներ ստնտուութիւն ու սպասաւորութիւն ընող կին, որ իր կաթովը մեծցուցած օտար աղջիկներուն ուսումնական օրիորդներ դառնալը տեսնելով, իր աղջիկն ալ անոնց պէս տեսնելու փառասիրութիւնը ու անձուկը ունեցեր էր։ Զաւկին քով դառնալուն եւ նոյն իսկ դեռ չդարձած, ո եւ է ծախք ու զոհողութիւն չէր խնայեր անոր տալու այն կրթութիւնը որ գեղին մէջէն հարուստի զաւակը կրնար ձեռք բերել։ Պոլսի հայ հանըմներուն կենցաղի վրայ՝ հիանալի բաներ պատմած էր իր աղջկան, այնչափ՝ որ ճոխութիւններու, վայելքներու առասպելախառն աւանդութիւններով լեցուցեր էր անոր հոգին։ Զարուկ՝ իր պզտիկ դասընկերներուն մէջ՝ բան գիտցողն էր ամեն ատեն, վճիռ արձակելու կարողը, որուն ետին՝ իր Պոլիս ապրած մօրը հեղինակութիւնը կար։

Դպրոցին մէջ՝ Զարուհին պսակեր էր իր վրայ դրուած բոլոր ակնկալութիւնները. ամեն տարի, ինչպէս այս վերջին տարին ալ, առաջին կը հանդիսանար քննութիւններուն մէջ, ծափերով ողջունուած ու չօրպաճիներու աղջիկներէն աւելի փառաւորուած։

Եւ մայր ու աղջիկ, միեւնոյն լռին ու թաքուն համաձայնութեամբ, գեղջուկ կեանքէ վեր աստիճանի մը հասնելու տենչանքը կը սնուցանէին իրենց սրտին մէջ։

Վարժարանին մէջ, իր Պոլսեցի վարժուհին՝ կատարելագործեալ կնոջ տիպար մը Զարուկին աչքին՝ մնացածը ամբողջացուց։ Մայրաքաղաքէն հեռանալու համար, անկեալ հրեշտակի մը ձեւերը ունէր այս կինը եւ գեղացի աղջիկներուն քով ապրելու, անոնց բան սորվեցնելու պարտականութիւնը՝ պատիժ մը կրելու պէս ի գործ կը դնէր։ Պոլիսը, իր Պոլիսը յիշելու առիթը չէր փախցներ. գերագոյն բաղդատութեան եզրը որուն տակ՝ բոլոր գեղը գեղացին ու գեղին դպրոցը կ՚ընկճէր, կը փճացնէր։

Զարուկ, երբոր բարձրագոյն կարգը անցաւ, ընկերուհի մը եղաւ անոր, այնքան աւելի մտերիմ, որքան միեւնոյն խուլ տրտունջը կար երկուքին ալ սրտին մէջ։

Ընթերցանութիւնն ալ եկաւ իր բաժինը բերելու այս մատաղ հոգին խռովեցնող հովերուն մէջ, եւ դպրոցական վերջին տարին, երազամոլ տարին եղաւ, չքնաղ ու անդարձ տարին, որուն մէջ քաղքենի կեանքը, իր բոլոր չնչին մանրամասնութիւններովը, անմիտ կարգ ու սարքովը, այլազանութեամբը, վարքերու արտօնեալ ազատութեամբը՝ գունագեղ երանգներու ծիրանի գօտիի մը պէս իր գեղացիի նսեմ մթնոլորտին վրայ կը գծագրուէր ամեն վայրկեան։