Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վերադարձին՝ մրցանակաբաշխութենէն ո՞վ հնարեր է այս բարբարոս բառը Զարուհի՝ երջանիկ, բայց քիչ մը յոգնած հանդէսին յուզումներէն, իր ոսկեզօծ գրքերուն ծրարը թեւին տակ, գեղին մանառիկ ու զառիվեր փողոցներէն կ՚անցնէր, տուներուն առջեւ նստած գուլպայ հիւսող կիներուն, բոպիկ ոտքով հողին վրայ փոշիներուն մէջ վազվզող, տապլտկող տղոց մէջէն, զինքը դիտող գեղջուկներուն նետելով հպարտութեամբ ու քիչ մըն ալ արհամարհանքով լեցուած նայուածքը։

Յաղթական վերադարձ մը իրեններուն քով, իրենց տնակը, վե՛րը, գեղին մէկ ծայրը, ա՜յնքան խարխուլ, ա՜յնքան հին տնակ որ քովի տուներուն կռթնելուն համար միայն կարծես կանգուն կը մնար։

Ինքը, իր տասնըվեց տարիներուն ծլումովը, իր կենսաբոյր երիտասարդութեանը բոլոր ճոխութիւններովը, այս մութ ու աղտոտ խրճիթին մեջ՝ աղբերու պարարտ բողբոջումովը ծաղկած վարդի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր։

Հոս սակայն, իր շրջանաւարտի բոլոր ցնծայոյզ խնդութիւնը անտեղի կը թուէր այս աղքատութեան հանդէպ։

  Քիչ մը առաջ արտասանուած ճառերէն, Տնօրէնին ու Հոգաբարձութեան իրեն շռայլած գովեստներէն ու ժողովուրդին ծափահարութիւններէն, որ ամեն մէկ մրցանակի շնորհուելուն կը կրկնուէին, ամեն կերպ շնորհաւորութիւններու, գրեթէ խոստումներու երփներանգ ծաղկեփունջէն՝ ոչինչ կը մնար ահա իր ձեռքը, տանը սեմէն ներս ոտք կոխած վայրկեանէն։

Իր հիւանդ ու ցաւագար մայրը անկողինն էր, ու պզտիկ եղբօրը, ցնցոտիներ հագած չորս տարու երեխայի մը, ճչալու, պոռալու ձայնը որ փողոցին ծայրէն կը լսուէր, դժգոհութեան մշտնջենական աղաղակը, այս աղքատիկ տան ճշմարիտ ձայնը ըլլալ կը թուէր։

Պահ մը մօրը անկողնին մօտ գնաց, ցուցնելու անոր իր առած մրցանակներուն շքեղ կազմածքը որ, հիւանդ կնոջմէն աւելի, գետինը տախտակին վրայ մոռցուած մանկիկին ուշադրութիւնը գրաւեց իսկոյն։ Յետոյ, վեր ելաւ իր փոքրիկ խցիկը, խնամքով զետեղելու, պահելու համար այս ամենը իր դասագրքերուն քով, որոնց՝ այնքան անձկութեամբ սպասուած վերջաւորութիւնը կը բերէր, սպասելով որ լաւագոյն կեանքի մը սկզբնաւորութիւնն ալ բերէր միասին։