Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԱԶԱՆՔ

Աշնան առաւօտ, տրտում, անարեւ...

Աչքերըս գոցած՝ իրե՜ն կը խորհիմ,

Այնքա՜ն կը խորհիմ, որ աչքերն իր սեւ

Կը հալին, կ՚ըլլան ե՛րգ մը մըտերիմ...

 

Աչքերըս գոցած՝ հիմա կ՚ունկնդրե՜մ.

Ա՛լ իր աչքերուն չէ՛ որ կը խորհիմ...

Հեռո՜ւ, ձիւնափառ կատար մ՚հասեր եմ.

Աստուածն է այնքա՜ն մօտ ու մըտերիմ... ։