Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԼԵՄՏԱՂԻ

I

Արշալոյսին՝

Պզտիկ թռչուն մը, տունիս մօտ,

Հին ու բարի թմբիի մը կատարէն

Մեղմիւ կ՚երգէր...

Ես այն ատեն

Կը փակէի տնակիս դուռն,

Ու Հայնէ մը թեւիս տակ՝

Մեծ անտառին կը տանէի

Տրտմութիւնը երազանքիս... ։

 

Քիչ մը Հայնէ կը կարդայի,

Քիչ մը ծաղիկ կը ժողվէի,

Յետոյ յոգնած, յետոյ տրտում,

Ծառի մը կոճղն երեսիս բարձ՝

Կը նստէի հողին վրայ,

Աչքերուս դէմ՝

Ծովանկարն այն աղջկան հոգիին

Զոր պարմանի երազանքն իմ

Նկարած էր... ։

 

II

Ահաւասիկ, լելակի թուփ մը մանրիկ՝

Հովին տակ լուռ անրջասոյզ կ՚օրօրուի.

Իր լուսեղէն երդիքին տակ կը նստիմ,

Նորոգելու՝ կոտրած թեւն իմ Երազին...

Ո՞ր մորմոքումն այս բոյրին մեջ չի ցնդիր,

Ո՞ր վայրահակ ու մութ ճակատն

Հոս, աստղերու եղբայրութեան չի յանգիր։