Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՊԱՍՈՒՄ

Ձըմեռ։ Ու դեռ կը սպասեմ, զերթ մահապարտ՝ ժըպտելէն.

Իրերն աչքիս կ՚երեւան հեռու աստղեր մշուշոտ.

Հոգիիս փակ մատուռէն մեռած սուրբեր կը քալեն.

Իրա՛ւ, որո՞ւ կը սպասեմ, այսպես ուրախ ու թախծոտ։

 

Իրե՜ն։ Գիտեմ թէ երբեք պիտի չիջնե՜ Ան իմ մօտ.

Չիջա՛ւ արդեն Ան երբե՜ք... ու ես գոհ եմ չիջնելէն.

Աչքերն աչքիս կ՚երեւան հեռու աստղեր մշուշոտ.

Հոգիիս փակ մատուռէն մեռած սուրբեր կը քալեն... ։

 

Եկուր, եկո՜ւր այս գիշեր, սիրուհիի մը հանգոյն,

Ո՜վ Մահ, քեզի՜ կը սպասեմ մահճիս վրայ՝ ժպտելէն.

Մարմնիս իղձերը բոլոր եղան աստղեր վարդագոյն,

Ու հոգիիս մատուռէն սուրբերը մեղմ կը քալեն... ։

 

Եկո՛ւր, խունկի պէս դեղին քու մատներուդ գգուանքով,

Զանոնք փափուկ սահեցուր շուրջը վիզիս սա ծիւրած,

Ու մինչ յանձնեմ ես անոնց հոգիս՝ իր փակ մատուռով,

Դուն շշընջէ՛ ականջիս զրոյցըդ պարզ, անաստուած։

 

Ա՛լ չեմ վախնար, չե՛մ վախնար կմախակերպ իրանէդ,

Ու մինչեւ իսկ կը հաւտա՛մ թէ աչքերուդ մէջ դեղին՝

Պիտի գտնեմ աւելի՜ սէրն ու արցունքը Գութին,

Քան աստղերուն մեջ այդ ցուրտ՝ անխիղճ ու նենգ Արարչին... ։