Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՂԹԱՆԱԿ

Մութ գիշերին խորութեանը ապաւինած,

Աստղերուն տակ,

Փոթորիկին հեծեծանքին ունկնդրելով,

Սրտիս վէրքը կը դարմանեմ

Ես կրկին...

Հոգիս անդորր է՝ հերոսի մ՚հոգիին պէս.

Աչքերուս մէջ, կամքս կրակը լուռ ցասումով կը վառի։

Ինձ անծանօթ հեգնութիւն մը, այնպես վայրի,

Լուռ շրթներուս վրայ թառած՝ կը ժպտի։

Ինչ հոյակապ վեհութիւն այս, գիշերին մէջ,

Աստղերէն վար, նոճերէն վար, ճակատէս վար կը ծորի։

Հոգիս տակաւ կը մթնէ,

Բայց ինչպէս լա՜ւ է այսպէս.

Ա՜հ, ինչու որ,

Այս վայրենի տրտմութիւնով է որ լոկ

Հոգիս կրնայ

Ասանկ յուզուած գիշերներու խորհուրդին մէջ ընկղմիլ... ։

 

Փոթորիկին հեծեծա՜նքն այս...

Լեգեոններ կարծես թշուառ ու գեղեցիկ հոգիներու,

Սա նոճերուն գիշերին մէջ ծնրադրած,

Ցաւին պայծառ երգը կ՚երգեն.

Ցաւին երգը ի՜նչ խորունկ է եւ ի՜նչ հզօր...

Մեծ բնութիւն, ես քեզ ինչպէ՜ս չպաշտեմ,

Երբ քեզի՛ է որ կը պարտիմ ճանաչումը հոգիիս։

Աստղածորան մէկ գիշերիդ խորհուրդովը գինովցած,

Ես զգացի - խո՜ր զգացի -

Աստուածութիւնը թախիծին ու կամքին...

 

Ու երբ արեւը ծագեցաւ, եւ աշխարհին ես դարձայ,

Նո՜ր մարդ էի,

Հին հոգիովըս՝ նո՜ր մարդ - կը ժպտէի՜...

 

Աստղերուն տակ դեռ կը քալեմ

Փոթորիկին հեծեծանքին ունկնդրելով,

Այնպէս անդորր, այնպես տրտում...

Սրտիս վէրքը դեռ կ՚արիւնի՜.

Արիւնն անօր՝ վարդերու պես կը ժայթքի

Աղօտ յուշքի մ՚իսկ հպումէն։

Այտերս դեռ

Վերջալոյսի ամպերու պես գունաթափ են։

Ատեն ատեն

Դեռ աչքերուս մէջ կ՚իջնէ՝

Իր է՛ն մռայլ, է՛ն սգաւոր մշուշով՝

Գիշերը լուռ Տանջանքին... ։

 

Սակայն, ոչի՜նչ.

Ես յաղթած եմ, ես հերոս եմ։

Ահա տժգոյն դէմքիս վրայ

Եւ աչքերուս գիշերին մէջ,

Յաղթանակի գինովութեան բոսոր քրքիջը կ՚ալեկոծի-

Ես յաղթած եմ... ։

 

Ես յաղթած եմ իր աչքերուն լուրթ գիշերին՝

Իմ թախիծովս ու կամքովս...

Լուսեղ սուրը, զոր անոր դեմ ճօճեցի,

Ես աստղերէն էի առեր այն գիշեր.

Իր շեղբին վրայ, ուրկէ շանթեր կը սողային,

Գիշերի գոյն տառերով՝ «հպարտութիւն» գրուած էր... ։

 

Դեռ փոթորիկը կը կոծկոծի,

Դեռ կը քալեմ...

Ձեռքըս՝ հիւանդ սրտիս վրայ,

Աչքերս յորդ՝ հրդեհումով կամքիս,

Հպարտութեան սուրը ճակտիս՝

Դեռ կը քալեմ... ։

 

1920