Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԲՈՅՐԸ

Ահա նորէն կը խորհիմ

Պզտիկ շիւղին ու դողին,

Զորս իր մատերն ինձ տուին

Անտառին մէջ մտերիմ։

 

Բաղեղի շիւղ մըն էր ան,

Որ սիրտի ձեւ տերեւներ

Ունէր ու վի՜շտ կը սփոփէր. -

Կանանչը գոյն է Գարնան։

 

Յոգներ էինք պտոյտէն.

Օ՜, պտոյտէն աւելի՝

Կարօտներով, յոյզով լի

Նայուածքները կը սպառեն...

 

Ու մինչ առուին շուրթն ի վեր

Կը քալէինք անմրմունջ,

Չէի կրնար առնել շունչ՝

Երբ ան այդպես կը նայէր...

 

Յոգներ էինք սաստկօրէն

-Օ՜, կը յիշեմ, ամէն բան-,

Հիւանդ էինք մեր սէրէն,

Եւ ինք այնպէ՜ս կը հեւար...

 

Ուստի առի թեւիս վրայ

Իր գլուխը ու երկար

Համբուրեցի շրթներեն.

 

Համբոյրս չէ՛ր շրթունքին.

Աստղերու պէս ծիրկաթին՝

Լոկ հպայ իր հոգիին... ։