Կ՚ՈՒԶԵՄ
ԵՐԳԵԼ
Ահ,
կ՚ուզեմ
երգել
գարո՜ւնն
այս
ծաղկող,
Տունկեը
վայրի,
տատասկներն
հարբած,
Երգե՜լ,
ա՜հ,
երգե՜լ
կոյսերն
այս
շէնշող
Ու
սէրն
ու
գինին,
նոյնիսկ
քե՛զ,
Աստուած։
Երգե՜լ...
Բայց
սեմիս
վրայ
է,
ահա,
Մա՜հը՝
իր
դեղին
կըզակը
ցըցած.
Ու
մերթ,
ա՜հ,
այնպէս
բիրտ
Ան
կը
խընդայ,
Որ
կ՚անիծե՜մ
Քեզ,
նոյնիսկ
Քե՜զ,
Աստուած...
։