Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՐԲՈՒՀԻՆ՝ ՈՐԲԻՆ

I

Իմացայ թէ ողջ ես դուն... Երէկ գիշեր,

Երջանկութիւնը հազար-հազար ծորակներով հոգիիս մէջ հոսեցաւ,

Երբ իմացայ թէ ողջ ես դուն...

 

Լուսամուտիս առջեւ նստած,

Աչքերս յառած կապարի գոյն երկնքին,

Երբ լուսնոտի սեւեռումով

Կ՚ունկնդրէի սգահանդէսը կիսակործան ուռիներուն,

Պատանին մը՝ վիշտէն գունատ,

Այլ հրաբորբ ու ատելավառ աչքերով,

-Որ կ՚երթար, ինչպէս կ՚ըսէր, իր աւերուած հիւղակին տեղ

Ապարանք մը կանգնելու -,

Պատուհանիս մօտեցաւ,

Եւ իր ձեռքիս վրայ,

Իբրեւ եղբայր մը հարազատ,

Գերեզմանէ մը սպրդած ոգիի մը շշունջով՝

«Եղբայրդ կ՚ապրի՛», ըսաւ ինծի, «արեւին տակ,

«Վրէժին համար՝ եղբայրդ կ՚ապրի... »

Եւ իր մռայլ վարսերն հովին՝

Կայծակնաթեւ անյայտացաւ գիշերին մէջ։

 

II

Ո՜վ իմ եղբայրս սեւաչուի ու բարձրաճակատ,

Կացինահար սերունդիս Յոյսը մռայլ ու հզօր,

Ինչպէ՜ս արդեօք՝ պապենական մեր հրեղէն եւ անբասիր աւիշով՝

Կատաղի եւ անզուսպ տատասկի մը պէս կ՚ընձիւղիս...

Օ՜, արդէն մանրիկ հոգիդ հինգ գարուններ համբուրեց...

Ինչպէ՜ս, ինչպէ՜ս արդեօք՝ պրիսմակի մը պէս կը շողաս,

Ու որբանոցիդ լուսամուտէն, ամէն գիշեր,

Խաղաղօրէն ու քնատ աչքերով՝

Ցուրտ աստղերուն կը ժպտիս... ։

 

Ժպտէ՛, եղբայր դեռ մանուկ ես, դեռ սուրբ ես,

Դեռ անծանօթ է քեզի Վիշտը...

Հազար-հազար վիշապներու վրայ հեծած՝

 

Տառապանքը ճամբան է, օր մը քեզի կը հասնի,

Հազար-հազար թեւերով փաթթուելու մարմինիդ,

Ծոծրակէդ վար, սառած շունչով՝

Քու սերունդիդ արիւնին սեւ հետքերը պատմելու...

Ժպտէ՛, ժպտէ՛, քաղցր եղբայր, ցուրտ աստղերուն եւ ամպերուն,

Վարդերուն բո՜յրը վայելէ, հողին սոյլէ՜ն գինովցիր...

Օր մը արի՛ւն պիտի տեսնես ե՛ւ աստղերուն ե՛ւ վարդերուն ծոցին մէջ...

Փոթորիկին ողբերուն մէջ պիտի լսես

Մեռելներուդ ձայնը գունատ...

Ժպտէ՛, ժպտէ՛, սակայն վաղը,

Երբ սէգ ճակատդ իր առնական պրկումներուն տիրանալ,

Ու քեզի տան անկարելի ցաւերու այս նամակը արիւնահոտ,

Ճերմակ հոգիդ պէտք է ըլլայ,

Ո՛վ մութ խլեակդ իմ ոսկեղէն Տոհմերուս,

Ճերմակ հոգիդ պէտք է ըլլայ կարմի՛ր հոգի մը մրրկայոյզ,

Որ օձի մը պէս գալարուի՝ Ցաւի, Ցասումի, Ընդվզումի բոցերէն,

Ու խելայեղ ու մոլեգին,

Հայ Ասպետի ծիրանին ուսիդ,

Ու վրէժէդ տժգունած,

Այդ ապիրատ ոստաններէն փոթորկելով հեռանաս,

Դժոխածին նժոյգիդ հետ,

Արարատի ձիւներուն մէջ հողմածածան կարմիր Դրօշն համբուրելու,

Կարմիր Ուխտդ որոտալու... ։

 

III

Հոգիդ հիմա հինգ գարուններ համբուրեց...

Ինչպէ՜ս, ինչպէ՜ս կը տանջուիմ կարօտէն՝

Անգամ մը գէթ քեզ իմ կուրծքիս սեղմելու,

Անգամ մը գէթ քու աչքերուդ հեշտանքին մէջ մոռնալու,

Փշուր-փշուր փեռեկտուած կուսութեանս

Ոխն ու Վրէժն այսահարող... ։

 

Անբուժելի օ՜ կարօտներն հոգիիս...

Հիւծե՜ր եմ ալ, վեց ամիս է, ամէն օր,

Այս սգաւոր թոքերէն շիթ-շիթ արիւն կը ծորի.

Իմ լլկուած կողերուս մէջ, Ցաւը սեւ բոյնն է դրեր.

Քանի մ՚օրէն՝ հոգեվարքի հռինդիւններս կը սկսին...

-Օ՜հ, մի՛ դողար, եղբայր իմ, մի՛ տժգունիր-

Զիս կալանող բորենին փոսըս արդէն փորեր է

Նոճիի մը բունին տակ... ։

 

IV

Այն գիշե՜րը, այն գիշե՜րը...

Դուն չես յիշեր, հէ՜ք, տղայ.

Օրօրանիդ մէջ օրօրուն,

Ապրիլի այն աստղածորան գիշերին,

Կը ննջէիր անխռով, դուն չե՜ս յիշեր...

 

Մեռա՜ն, մեռա՜ն, բոլորը մեռա՜ն

Մահով մը սեւ՝ ուր հոգի՛ն իսկ կը մեռնի...

Մեռա՜ն... - Այս բառէն ի՛նչ ցուրտ հեգնանք մը կը սողայ հոգիիս մէջ-

Այս սուրբ բառը չի՛ պատկանիր այդ ահաւոր, անմարդկային դիակներուն...

Յոշոտեցին ու խեղդեցին ու այրեցին...

Մեր վաղեմի պապենական սեղանին վրայ,

Ուր ամէն օր խաղաղօրէն եւ աղօթքով կը ճաշեինք,

Անդամատուած գլուխներ, բզկտուած բազուկներ

Զետեղեցին քովէ քով,

Ու, զերթ արբշիռ ուրուականներ,

Իրենց մռայլ կացիններուն վրայ յենած՝

Քրքջացին...

 

Ուղեղս կ՚այրի՝ ոգեվարող այդ աչքերուն յիշատակէն.

Հոգիիս մէջ դեռ կը լսեմ հծծիւները իրենց ողբին...

Ա՛լ կարող չեմ քեզի գրել...

Հալած աչքերս գիշերին մէջ կը սուզուին... ։

 

V

Օ՜հ, տեսիլքն այս...

Հա՛յրս ահա... զինք կը տեսնեմ...

Ուռիներուն տակ կը քալէ խոնջած, տխուր քայլերով,

Սուրբի մը պէս մելամաղձոտ ու նայուածքը վիշտէն սառած...

Որչափ ծե՜ր է, որչափ տժգո՜յն...

Ուռիները կը փոթորկին, կը խենդենա՜ն...

Ան կը քալէ, գլուխը ձիգ, տեսիլքէ մը հալածական... ։

 

Օ՜, գիշերը կը կարմրի...

Ուռիներէն շիթ-շիթ արիւն կը կաթի...

Եւ այդ կարմիր անձրեւին տակ,

Մեր հայրիկը, մեռելի դէմքն ինձ դարձուցած,

Աստուծոյ մը պէս կ՚արտասուէ... ։

 

ԱՌՆԱՈՒՏ-ԳԻՒՂ 7 ԴԵԿՏ. 1918 [1]



[1]            Զարիֆեանը նոր էր վերադարձած իր զինուորական տառապալից ծառայութենէն, երբ գրեց այս քերթուածը, խնդրանքովը՝ Առնաուտ-Գիւղի Հայկ. Որբանոցի Խնամակալ Մարմինին։ Արտասանուած է նոյն որբանոցին առաջին հանդէսին մէջ, Գարեգին անունով որբի մը կողմէ։