Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՉ-ԻՆ ՃԱՄԲԱՆ

Քանի օր է՝ թափուր է

Ծաղկամանըս սպիտակ,

Ու ձեղունիս սուգին տակ՝

Ձանձրոյթ, ձանձրո՜յթ կը բուրէ։

 

Ծաղկամանըս այս անգին,

Առանց ծաղկի նման է

Սրտի մը որ դամբանն է

Հեք երազին, իր կեանքին...

 

Եւ ահա լուռ կը նիրհէ

Գըրքերուս վրայ, մենաւոր՝

Թախիծով մ՚ա՛յնքան աղուոր,

Որ չե՛ս հաւտար թէ իր է...

 

Սակայն քա՜ր է վերջապես,

Եւ ինչ որ լուռ կը սըգայ՝

Ծաղիկ մ՚է որ շուտ կու գայ,

Նորէն գարուն գալուն պէս...

 

Իսկ սրտին՝ որ դամբանն է

Իր կեանքին մութ երազին,

Ահ, լոկ փուշեր կը ծաղկին.

Ի՛րը՝ ՈՉին ճամբան է... ։