Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՐՆԱՆ ԱՂՈՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅ

Այս բիրտ քրքիջներն ինչո՞ւ են, ինչո՞ւ...

Դեւեր՝ մութին մէջ՝ շիրի՜մ կը շինեն.

Գառնուկ մը ճերմակ կ՚իյնայ մեռնելու.

Ի՜նչ շուտ է յոգներ   աղուոր գարունեն։

 

Աղուոր գարունէն ես ինքս եմ յոգներ,

Անօթի գայլեր Յոյսըս կ՚յօշոտեն,

Մինչ կը պարեն շուրջ անմիտ աստուածներ.

Ահ, այս ահաւոր քրքի՜ջն անհունէն...

Դեւեր՝ մութին մէջ՝ շիրի՜մ կը շինեն... ։

 

1922 ՅՈՒԼԻՍ, ՍԿԻՒՏԱՐ