ԳԱՐՆԱՆ
ԴԷՄ
Բնութեան՜
փառքն
է
ահա,
արքայօրէն
շողշողուն.
Ահա
արե՜ւն
է
արբշռուն,
լո՜յսը,
լո՜յսը
հեթանոս
Որ
հեւ
ի
հեւ,
յորդահոս,
կապոյտն
ի
վար
կը
Թափի,
Վերազարթած
հոգին
տալու
անոյշ
յոյզերն
աւիշին...
Միջօրէ
է.
Գարնան
հեշտի՜ն
միջօրէ.
Սեւ
տատասկէն
մինջեւ
լէյլան,
մինջեւ
վարդերն
հրագեղ,
Խօլ
հեշտանքով
մ՚ահա
գինով՝
արե՛ւ,
արե՛ւ
կը
խմեն...
Ամէն
կողմ
դող,
ամէն
կողմ
յոյզ,
ամէն
կողմ
երգ,
Հոս
կը
սողան,
հոն
կը
ծաղկին,
հոն
կը
Թռչին,
Ամէն
կողմ
բոյր,
Թոյր
ու
համբոյր,
Հոս
կը
ծնին,
հոն
կը
ծլին,
հոն
կը
սիրե՜ն...
Ահա
տարմերն
են
ասոնք՝
կեանքով
արբշիռ
Թռչուններուն,
Որ,
ալեւոր
-
բայց
ի՜նչ
հզօր
-ծառերուն
մէջ
Թաքնըւած,
Սիրոյ
տօնը
կը
տանեն...
Իրենց
գոյն-գոյն
փետուրներուն
սարսուռն
ահա
կը
տեսնեմ,
Մինչ,
գաղջ
սիւքին
հմայքին
տակ,
լանջքերն
իրենց
ըսպիտակ
Կը
յորդին
լուռ
հեշտանքով,
անյպէ՜ս,
այնպէ՜ս
կը
հեւան...
Օ՜
քերթուածը
իրենց
երգին...
Ահ
շիւղերն
աւշայեղց՝
մեղմ
օրրումով
կը
կքին,
Երբ
սիրահար
զոյգերն
անոնց,
Թռիչքներով
խօլական,
Սիրոյ
ցաւը
հեշտանքի
վերածելու
կը
ճգնին...
Ու
կը
հեւա՜ն,
ու
կը
հեւա՜ն,
լանջքերն
իրենց
ըսպիտակ
Այնքան
անզոր
են՝
հզօր
ցաւին
համար
վայելքին...
Սո՜ւրբ
բնութիւն...
Մեռելներն
իսկ
պէտք
է
զգան,
կը
խորհիմ,
Լքումին
մէջ
իրենց
տրտում
գիշերին,
Ողջ
տարրերուն
այս
պոռթկումը
խելայեղ,
Այս
լոյս
համբո՜յրը
երկնքին
ու
կեանքին...
Աստուածայի՜ն
բնութիւն.
Կ՚ուզեմ
ըլլալ
ես
գերին
քու
հեթանոս
քմայքին...
Քու
բոյրերուդ,
քու
թոյրերուդ
ծովին
մէջ
Լողա՜լ,
լողա՜լ,
նոյնիսկ
խեղդուիլ
կը
տենջամ.
Ա՜ռ
զիս,
ա՜ռ
զիս.
Ահա
քեզի
կը
յանձնեմ,
քու
սէրերուդ,
սարսուռներուդ՝
Կեանքի
տրտում
գիշերներէն
դատարկացած
իմ
հոգին...
Ա՜հ,
թող
նորէ՜ն,
ինչպէս
հին-հին
օրերուն,
Լոյսով,
Յոյսով
յորդի
ան...
։
1920