ՏԻԵԶԵՐՔԸ
ԵՒ
ՀԱՄԲՈՅՐՍ
Այս
իրիկուն՝
Մանիշակներն
իր
աչքերուն
Երբ
համբուրել
կ՚երթայի,
Յանկարծ
կեցայ՝
օրօրուն
Եզրը
կապոյտ
ջուրերուն...
Մըտածեցի.
-
Ո՞րն
է
յարգի,
Մէկ
մանիշակն
իր
աչքին,
Թէ
մարգրիտներն
երկընքին։
Ու
գտայ
որ
Մեծ
Բնակիչն
երկնաւոր
Նուա՛զ
հարուստ
եր
քան
ես,
Իր
Տիեզերքն,
իրաւ
որ,
Այնչա՜փ
եր
փոքր՝
համբոյրէս...
։