ԾԱՌԸ
Ձըմեռ
օրեր,
Երբ
փոթորիկն
ըլլար
մըռայլ,
Ես
կ՚երթայի՝
խորն
ամայի
դաշտերուն,
Ականջ
տալու
կէս
գիշերուան
քրքիջին։
Սլա՞ցքն
անոր..
Պերճ
ու
հպարտ,
խաղաղութեամբ
մը
խորունկ,
Ան
կ՚երկարէր
արտասուահիւծ
աստղերուն՝
Բազուկներն
իր
հոլանի,
Զերթ
պարմանի
մ՚իր
հարսին.
Գիշերին
մէջ
կը
լսէի
կարծես
թէ՝
Ձայնն
իր
զուլալ
համբոյրին...
Ինծի
համար,
Խորհրդանիշն
էր
ան
Ուժին
ու
Կեանքին...
Ու
ես
հաւատքն
ունէի
իր
անմահութեան...
Փոթորկին
դէմ
իր
քրքիջով՝
Ան
մտածումըս
կը
հանէր
լեռնէ
մը
վեր...
։
*
Անցեալ
աշնան,
Օր
մը
յանկարծ
մարդեր
եկան
Խորն
ամայի
այն
դաշտերուն,
Կացիններով,
պարաններով...
Ուրուականնե՞ր
էին
կարմիր.
-
Կը
խնդային
վըհուկի
պէս...
։
Հսկայ
մուրճովն
իր
արեւուն՝
Աստուած
դարե՜ր
աշխատեր
էր
անոր
համար։
Այդ
մարդերուն
Քանի
մը
ժամը
բաւեց
Զայն
խլելու
իր
յոգնաբեկ
բազուկներէն...
Իր
մահէն
ետք,
Ա՛լ
չգացի,
երբ
փոթորիկն
եղաւ
մռայլ,
Խորն
ամայի
դաշտերուն.
Մըտածումըս
իջեր
էր
վա՜ր
Լեռներէն...
*
Հիմա
աղուոր
գարուն
է.
Եւ
անցեալ
օր,
Մղում
մ՚յամառ
նորէն
քայլերս
ուղղեց
հո՛ն,
Խորն
ամայի
այն
դաշտերուն.
Եւ
յուզումէս
ինկայ
ծունկի...
Կացինահար
ծառն
էր
նման
շիրմաքարի
-Սեւ
գերեզման
մը
խոժոռ
-,
Բայց
իր
կողէն՝
Արթուաթըռիչ
նիզակներու
խրոխտանքով՝
Բարունակներ
ժայթքեր
էին
դեպի
երկինք։
Անոնց
մէջէն
Նորափետուր
թռչուններ
ե՜րգ
կ՚երգէին...
։
1923