Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

Իր թախիծովն անսահման՝

Աշնան սա վարդն է նման

Սրտի մը մութ։

Օրէնք անգութ. -

Կը մեկնի բոյրը վարդէն,

Կ՚երթայ ժպիտը մարդէն՝

Որ աւելնայ

Հողին վրայ

Ափ մըն ալ հող, ուր սակայն

Նոր-նոր սերմեր կը դողան։

 

1922