Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ

Նուագ մ՚անդորր

Մտածումիս մէջ կը սուզուի.

Ալ թող յուզուի՜

Հոգիս հիմա գեղեցիկէն.

Մե՜ղք որ փակ են

Քողերն աղուոր...

 

Քողերն աղուոր

Թէ որ բացուին ու ինձ յանձնեն,

Յանկարծօրէն,

Գեղուհիները բոլոր,

Ա՜, ես գիտեմ

Թէ ի՜նչ կ՚ընեմ...

 

Նախ կը պատմեմ

Իրենց զրոյցը սիրոյ,

Ու քիչ յետոյ

Զիրենք կ՚առնեմ ու կ՚իջնեմ

Խոր, սաստիկ խոր,

Մինչեւ Անոր...

 

Մինչեւ Անոր...

Ծովն ահաւոր ու անդորր

Ոչնչութեան...

Թող հոն լոգնան

Գեղուհիները բոլոր

Անդորր, անդորր,

Եւ ականջ տան

Սեւ Սրինգին...