ՃԵՐՄԱԿ
ԳԻՇԵՐ...
Ծո՜վը։
Հանդարտ՝
ինչպէս
մարմանդ
մը
ձիւնէ։
Երկինք
մը՝
որ
տըժգոյն
է,
Մըտածումէս
ու
հաւատքէս
աւելի։
Հոգիս,
միշտ
Թէեւ
անվիշտ,
Բայց
եւ
լի՜
Մութ
ըղձանքովն
անկարելի
համբոյրին
Աստուածուհւոյ
մը
աչքին...
։
Ծո՜վը։
Նըման
մեռնող
որբուկ
մանուկին,
Երկինք
մ՚ուրկէ
աստղերն
յոգնած
կը
թափին։
Գիշեր
է։
Հոգիս
գըկած՝
-Ի՞նչպէս,
ի՞նչպէս,
Տէ՛ր
Աստուած-
Անցնիմ
այսքան
վիհերէ...
Բայց
ի՜նչ
ճերմակ,
բայց
ի՜նչ
ուրախ
գիշեր
է.
Կածես
իրա՛ւ
Աստուած
մ՚ըլլար՝
Որ
մարդերուն
ցաւին
համար
Քրքջա՜ր...
Լելաւի
բոյր
մը
վարէն.
Ու
նորէ՛ն,
ու
նորէ՛ն,
Վախկոտ,
հեւքոտ
հոգիէս
դուրս
կը
նային
Կապոյտ
աչքերն
Երազին...
Ա՜հ,
կը
ներէ՞
-Այնպէ՜ս
ճերմակ,
այնպէ՜ս
ուրախ
գիշեր
է-
Ճակատագիրն
արդեօք
ինծի
այս
գիշեր...
Սրտիս
վրայ,
յոյսի
տեղ՝
սե՛ւ
սեւ
փուշեր...
։