ԵՐԱ՜Զ...
Այդ
ի՜նչ
խելառ
արշաւ
է.
Ա՛լ
ծաղկաքաղը
կեցուր,
Ժողվածներդ
բեր
ցուցուր.
Ինծի
հատ
մը
կը
բաւէ։
Այդ
որքան
վա՜րդ
ծոցիդ
մէջ,
Կեցի՜ր,
գլուխըս
դնեմ
Ու
քնանամ,
յոգնած
եմ.
Ճակտիս
կ՚այրի
հուր
մ՚անշէջ։
Ահ,
ի՜նչ
լաւ
է,
մի՛
շարժիր.
Արցունքներըս
մեղմ
կ՚այրին.
Գերի՛ն
ըլլամ
այս
ժայռին,
Ուր
այսքան
վարդ
ինձ
տուիր...
Ա՜խ,
արեւը
կը
մարի...
Մինչեւ
առտու
հոս
ննջեմ.
Ահ,
գիտե՞ս՝
ի՜նչ
յոգնած
եմ.
Իմ
արեւս
ալ
կը
մարի...
։