ԿՈՅՍԸ
ՎԿԱ՜Յ...
I
Այո՛,
Ես
ո՛չ
մէկուն
Ցոյց
պիտի
տամ
իմ
այս
աչքերըս
մըթին...
Լոկ
գիշերուան
անդունդին
Կրնամ
զանոնք
վստահիլ։
Ա՜հ,
միայն
հո՜ն
ես
կրնամ
Կաթիլ
կաթիլ
Մերկացնել
զանոնք
Յոյզէն
այս
տարտամ...
Ա՜հ,
միայն
հո՜ն
ես
կրնամ
Արհամարհել
հպարտութիւնն
այս
հիւանդ,
Ու
հովերու
պէս
խելառ՝
Քաղաքներու
վերեւ
տժգոյն,
քարուքանդ՝
Հառաչե՜լ...
II
Ու
հիմա
որ,
անջնջելի
գիշերով,
Ճակտիս
վրայ
Ճակատագիրը
գրեց
Կորնչումս
մօտալուտ,
Պետք
է
հպարտ
ու
առնական
կեցուածքը
տամ
իրանիս,
Եւ
աչքերս
գամած
հողին՝
Որ
մօտ
օրէն
եղբայրական
իր
դաշինքը
կը
կնքէ
Ինծի
հետ՝
Հարկ
է
խորհիմ
հոգիիս...
Պիտի
մեռնի՜մ...
Ի՞նչ
է
այդ...
Ամէնուն
պէս՝
հարկաւ
ես
ալ
չեմ
գիտեր.
Միայն
թէ՝
ես
-
Կոյսը
վկա՛յ
-
շատ
հեղ,
շատ
հեղ
լացեր
եմ,
Հի՜ն
օրերուն
Մեռած
եղբօրս
խաչափայտին
կռթընած,
Մտածելով
անուշութեանը
մահուան
խոր
անդորրին...
Օ՜,
ես
սիրեր
եմ
խորհուրդը
Նիրվանային,
Երբ
պատանի
մ՚էի
վարդի
պէս
խրոխտ,
Երբ
աւիշը
խուլ
փոթորիկ
մ՚էր
կուրծքիս
տակ,
Երբ
մտածումս
դեռ
կը
վազէր
հորիզոնէ
հորիզոն,
Երբ
դեռ
Յոյսս
խրած
չէր
այսպէս
խորունկ՝
Ճակատագրին
տիղմին
մէջ...
Այդ
օրերուն
-
Կոյսը
վկա՜յ
-
Ես
անձկօրեն
կը
բաղձայի,
Րոպէ
մ՚առաջ,
Աստղերուն
տակ
իմ
մենաւոր
հողակոյտիս
տիրանալ...
Քանի՜
քանի՜
անրջահեւ
մայրամուտներ
-
Հոգիս
յանձնած
յափշտակման
համբոյրներուն-
Արցունքն
աչքիս,
ես
երազեր
եմ
երկար՝
Խաղաղութիւնը
չըլլալուն...
Ու
քանի՜
հեղ,
քանի՜
հեղ,
Գիշերին
մէջ,
Մինչ
ծանրօրէն
ծառերն
իրենց
պաշտամունքը
կ՚ընէին,
Մահուան
սրուակը
պարպեր
եմ
բերնիս
մէջ,
Կամ
բզկտեր
եմ
երակները
դաստակիս...
։
III
Կոյսը
վկա՜յ,
ես
հոյակապ
ու
սիրելի
խենթ
մ՚եմ
եղեր,
Հի՜ն
օրերուն,
վա՜րդ
օրերուն...
։
ՓՐԻՆՔԻՓՕ
1924