Երբ իրիկուան ծովը դիտես,
Կը տեսնես խոր իրերն անտես...
Ա՜հ, իրիկուան
Ծովը այնքա՜ն
Կը տըժգունի
Ու դող ունի՝
Որ կը տեսնես, աստղերու պէս,
Յստա՜կ, յստա՜կ՝ իրերն անտես։
Չունե՞ք հաշիւ` գրանցուէք