Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԶՏԻԿ ԱՂՋԻԿԸ

I

Պզտիկ աղջիկը նորէն,

Այս իրիկուն, դառնօրէն,

Վիշտերուս վրայ - որ նո՜ր են -

Գլուխը դրաւ ու լացաւ...

Ա՜հ, բայց իրա՜ւ,

Այնքան ցաւ

Իր հոգիէն ե՞րբ անցաւ...

Իր հոգիէն տղայի՝

Որ ճամբէ մը ամայի.

Երբ լուսինին կը նայի,

-Կարծես լուսինը ըլլար

Միակ աղջիկն որ չի լար-,

Կ՚ըսէ . «Հոգիդ ի՛մս ըլլար»։

Իրա՛ւ, իրա՛ւ, այսքա՜ն ցաւ

Իր հոգիէն ե՞րբ անցաւ։

 

II

Երբ քով քովի լուռ նստանք,

Ըսի, մի՛ լար, անրջա՛նք

Լոկ քեզի հետ ունենանք.

Ալ ոչ մէկ խօսք թախծանքի

Թող արցունքի չյանգի».

Եւ սկսանք հեշտանքի...

Պզտիկ աղջիկ մ՚երբ սիրէ

Տղայ մը որ տխուր է,

Այդ սէրն իր հետ կը բերէ

Անմեղութիւն մ՚երկնային,

Որով աչքերն երբ լեցուին

Լոկ երկնքին կը նային։

Ու մեր աչքերն անձկագին,

Ա՜հ, երկնքին կը նային... ։

 

III

Հեշտանքը մեր... ոչի՜նչ էր.

Համբո՞յր... սակայն շատ ջի՜նջ էր,

Օ՜ մեր սէրը լոկ նինջ էր,

Նինջ մ՚ուր ցաւերը կեանքին

Երկու րոպէ կը ցամքին...

Իրա՜ւ, մեր սէրը ի՞նչ էր...

Չէ, հեշտանք չէր, շա՜տ ջինջ էր.

Համբոյրն իսկ հոն ինչ քի՜չ էր,

Ուստի ի՞նչ էր,

Արդեօք սէր չէ՞ր...

 

IV

Ահ, սէ՜ր էր - լոյսը վկայ -,

Զի երբ կուրծքին վրայ ինկայ,

Տեսայ թէ հոն հրդեհ կայ.

Ու երազ մը՝ լուրթ եթեր՝

Հոգին հոգւոյս կը ձուլէր։

 

Օ՜, նազանքն իր աչքերուն,

Երբ կը դիտէր, քիչ հեռուն,

Ծառ մը հիւանդ, երերուն։

 

Սէ՜ր էր, սէ՜ր էր

Որ վարդի պէս կը բուրէր... ։