Անտիպ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ...

Ոտքիս տակ՝ նոյն ճամբան է ուր լուռ կը քալեմ,

Փոշիով ձիւնոտած՝ ալեւոր նոյն ճամբան,

Ուրկէ շատ եմ քալեր, ուր թողեր եմ շա՜տ բան

Հոգիէս... Հոգիէս վերջը զա՛յն կը սիրեմ... ։

 

Մէկ քովին ան ունի պզտիկ լեռ մը խոհուն,

Որ ամէն իրիկուն իր երազը ունի.

Մութ երազ մ՚է որ միշտ կը ձգտի անհունի՜...

Ա՜հ, իրերը կ՚ապրին, կ՚ապրի՜ն լուռ ու անքուն։

 

Մէկ քովէն ալ կ՚իջնէ սա կապոյտ հովիտին

Հիքութիւնը   պարկեշտ՝ որ ցորենն է գրկած.

Լերան պէս ան չունի՜ տրտմութիւն ու կասկած,

Այլ կ՚ըսէ՝ - գարու՜ն է, հարսնուկներս թող ծաղկին...

 

Այս երկու ընկերներն ալեւոր   համբային՝

Մտածել կու տան ինձ մեր ճիգին ապիկար.

Անձկագին կը ձգտինք բաներու որ չեն գար,

Մինչ կեանքին հարսնուկները մեզի կը նային...

 

ՖՌԷՆԿԻՆ ԼԵՌԸ, 20 ՄԱՅԻՍ 1920